Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է 2024 թուականի 19 ապրիլին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը:
«Մենք ուրախութեամբ կ'ողջունենք 2024 թուականի 19 ապրիլին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը 30 տարի բռնագրաւուած 4 գիւղը Ատրպէյճանին վերադարձնելու եւ սահմանազատման աշխատանքներու շարունակման վերաբերեալ։
Ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած այս դրական զարգացումը կարեւոր քայլ է խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրութեան ուղղութեամբ»,- նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։