Թուրքիան կը գտնուի բնակչութեան աճի նուազման տագնապալի մակարդակի վրայ, որու հետեւանքով բանակը կրնայ բախում ունենալ խնդիրներու հետ: Այս յայտարարութիւնն ըրած է Թուրքիոյ ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու հարցերու նախարար Մահինուր Օզտեմիր Կէօքթաշ։
«Այսօր մենք կը գտնուինք տագնապալի մակարդակի մէջ․ մեր ծնելիութեան գործակիցը 1,51 է։ Բնակչութեան ինքնավերականգնման գործակիցը 2.1 է: Այս պահուն Թուրքիան չի կրնար «թարմացնել» ինքզինք։ Մենք կը ծերանանք: Այդ պայմանաւորուած է բազմաթիւ գործօններով՝ արտադրութենէն մինչեւ աշխատանք եւ առողջապահութիւն: Հնարաւոր է, որ մենք չկարողանանք երիտասարդներ գտնել բանակ ուղարկելու համար», - ըսած է նախարարը։
Կէօքթաշի խօսքով՝ Թուրքիոյ բնակչութեան 65 տարեկաններուն թիւը գերազանցած է 10 տոկոսը։ 2024-ի վերջի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 17 տարեկան երեխաներու եւ դեռահասներու թիւը 21,8 միլիոն եղած է, այսինքն՝ երկրի բնակչութեան 25,5 տոկոսը։