image

Թուրքիան սկսած է արտադրել սեփական օդանաւակիրներ

Թուրքիան սկսած է արտադրել սեփական օդանաւակիրներ

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է սեփական արտադրութեան առաջին վայրէջքային ռազմանաւը երկրի ռազմածովային ուժերուն փոխանցելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։

Anadolu անուամբ օդանաւակիրը շահագործման յանձնած են Իսթանպուլի նաւահանգիստին մէջ, ուր ելոյթով հանդէս եկած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտոողանը:

Anadolu նաւուն վրայ պիտի տեղակայուին Bayraktar TB3 տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր: Էրտողանն այդ կապակցութեամբ ըսած է, որ այդ նաւը աշխարհի մէջ առաջինն է, որ նախատեսուած է հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր փոխադրելու համար:

«Շնորհիւ այդ նաւու, Թուրքիան կը յայտնուի արհեստագիտութիւններու, համակարգերու եւ լուծումներու միջոցով փոփոխութիւններ ապահովող աշխարհի առաջատար երկիրներու շարքին»,-ըսած է Էրտողան:

Ռազմանաւը, ըստ նախագահի, ոչ միայն կը հզօրացնէ թրքական նաւատորմը, այլեւ կ'ընձեռէ Թուրքիոյ տարածքային ջուրերէն շատ հեռու շրջաններու մէջ անհրաժեշտ գործողութիւններ իրականացնելու հնարաւորութիւն: