image

Թուրքիան կը նախատեսէ տարեկան կտրուածքով արտադրել 500 «Պայրաքտար TB2» տիպի ԱԹՍ-ներ

Թուրքիան  կը նախատեսէ տարեկան կտրուածքով արտադրել 500 «Պայրաքտար TB2» տիպի ԱԹՍ-ներ

Թրքական Baykar Makina ընկերութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարի տարեկան արտադրել 500 Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարք։

Ներկայիս տարեկան ցուցանիշը կը կազմէ 200 հատ։

Baykar Makina-ի գործադիր տնօրէն Հալիուք Պայրաքթար Անատոլու գործակալութեան յայտնած է, որ Bayraktar TB2 ներմուծող երկիրներու թիւը հասած է 24-ի։

Ան նշած է, որ «պահանջուած է ընդամէնը չորս տարի, որ Bayraktar TB2-ը դառնայ աշխարհի մէջ ամենավաճառուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքը»։

Կ'աճի հետաքրքրութիւնը նաեւ Bayraktar Akinci հարուածային ԱԹՍ-ներու նկատմամբ, որոնց հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են արդէն չորս երկիրներ։

Մինչ օրս ընկերութիւնը արտադրած է աւելի քան 400 Bayraktar TB2 ԱԹՍ եւ մօտ 20 Bayraktar Akinci։

Baykar Makina-ի գլխաւոր տնօրէնը նշած է, որ «ընդամէնը 13 տարի առաջ Անգարային կը մերժէին անօդաչու թռչող սարքեր գնելու հարցով, իսկ այսօր Թուրքիան սեփական արհեստագիտութիւններով համաշխարհային առաջատարներէն է»։