Թրքական Baykar Makina ընկերութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարի տարեկան արտադրել 500 Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարք։
Ներկայիս տարեկան ցուցանիշը կը կազմէ 200 հատ։
Baykar Makina-ի գործադիր տնօրէն Հալիուք Պայրաքթար Անատոլու գործակալութեան յայտնած է, որ Bayraktar TB2 ներմուծող երկիրներու թիւը հասած է 24-ի։
Ան նշած է, որ «պահանջուած է ընդամէնը չորս տարի, որ Bayraktar TB2-ը դառնայ աշխարհի մէջ ամենավաճառուող հարուածային անօդաչու թռչող սարքը»։
Կ'աճի հետաքրքրութիւնը նաեւ Bayraktar Akinci հարուածային ԱԹՍ-ներու նկատմամբ, որոնց հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են արդէն չորս երկիրներ։
Մինչ օրս ընկերութիւնը արտադրած է աւելի քան 400 Bayraktar TB2 ԱԹՍ եւ մօտ 20 Bayraktar Akinci։
Baykar Makina-ի գլխաւոր տնօրէնը նշած է, որ «ընդամէնը 13 տարի առաջ Անգարային կը մերժէին անօդաչու թռչող սարքեր գնելու հարցով, իսկ այսօր Թուրքիան սեփական արհեստագիտութիւններով համաշխարհային առաջատարներէն է»։