image

Թուրքիան կը կլանէ՞ Ատրպէյճանը

Թուրքիան կը կլանէ՞ Ատրպէյճանը

Greek City Times պարբերականէն կը կարդանք՝  Յուլիս 28-ին Ատրպէյճանի Գեանջա (Գանձակ) քաղաքի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ՝ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտարարեց Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման եւ համատեղ թրքական բանակ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Քաղաքական գործիչի յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատուիրակութիւններու՝ Ատրպէյճան այցի ծիրէն ներս, ինչ որ լրացուցիչ կշիռ հաղորդած է ատրպէյճանական քաղաքական խաւի թրքամէտ իշխող շրջանակներուն ուղղուած ուղերձին: 

Մինչդեռ ոչ միայն տարածաշրջանային, այլ նաեւ արեւմտեան հեղինակաւոր փորձագէտները համոզուած են, որ նման նախաձեռնութիւնները, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յաճախակի դարձած Պաքու այցելութիւններուն հետ մէկտեղ, կը հաստատեն ատրպէյճանական քաղաքական հաստատութեան եւ անձամբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Անգարայէն կախուածութեան ուժեղացումի փաստը: 

Այս առումով, այն հարցը, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանը կը փրկէ իր անկախութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու կամ ինքնիշխանութեան հարցերով «աւագ եղբայր» Թուրքիայէն, կը դառնայ քաղաքագէտներու արդարացուած մտահոգութեան աղբիւր: Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի կախուածութիւնը Թուրքիայէն կ'աճի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ռազմական, տնտեսական, ընկերային եւ մարդասիրական: Փորձագէտները կը մատնանշեն Ատրպէյճան հաստատուելու Անգարայի ձգտումը՝ օգտագործելով մեքենականութիւններ, ինչպէս վերջերս ստորագրուած Շուշիի հռչակագիրը:

Երկարաժամկէտ հեռանկարով Թուրքիան կրնայ սեփական ռազմակայանը ստեղծել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ (նաեւ այդ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ Ռուսաստանի կոշտ արձագանքին): Հետեւաբար, աւելի ու աւելի նկատելի կը դառնայ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Հիւսիսային Կիպրոսի համարժէքի վերածելու հեռանկարը, որ իրականութեան մէջ աւելի շատ նման է թրքական նահանգի:

Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի աւագ գիտաշխատող եւ Կովկասագիտութեան գիտական ընկերակցութեան նախագահ՝ Ալեքսանդր Քրիլովը կը կարծէ, որ այսպիսի սենար օրկանապէս կը տեղաւորուի Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի կողմէ կախեալ պետութիւններու համախմբութիւն կառուցելու վարուող քաղաքականութեան մէջ: Սակայն, Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի փաստացի կլանումը կը հակասէ Իրանի շահերուն, որ կը մնայ Անդրկովկասի առանցքային խաղացողը`թուրքերու հետ միասին:

Սթենֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր, քաղաքական վերլուծաբան՝ Ռոլանտ Պենետիքդըր, մեկնաբանելով ներկայ իրավիճակը, ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ աւելի ու աւելի կախեալ ըլլալ Թուրքիայէն: Անոր խօսքով՝ Անգարան Պաքուն կը դիտարկէ որպէս գործիք՝ իր յաւերժական տարածաշրջանային մրցակիցի՝ Իրանի դէմ, եւ ատիկա բացասաբար կ'անդրադառնայ ատրպէյճանա-իրանական յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային կայունութեան վրայ: Այժմ ակնյայտ է, որ Էրտողանի դրդումով Ատրպէյճանը ստիպուած է հետեւիլ Թուրքիոյ քաղաքականութեան Իրանի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, Անգարայի կողմէ հարեւան պետութեան կլանման գործընթացը զգալիօրէն արագացած է, եւ մօտ ապագային կրնայ յանգեցնել ատրպէյճանական ազգային ինքնութեան եւ, ի լրումն, միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի մասերու կորուստին: