Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը համատեղ զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն:
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Զեքի Աքթուրքը։
Ըստ անոր՝ զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի Զինուած ուժերու որոնողափրկարարական ստորաբաժանումները: