image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը

Թուրքիան կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը

Թուրքիան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը ու կը խաթարէ կայունութիւնը միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ: Այս մասին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներով յայտարարութիւններու ժամանակ ըսած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը:

«Մենք քննարկած ենք նաեւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններ, այն, ինչ տեղի կ'ունենայ Արեւելեան Միջերկրածովեան շրջանին մէջ: Ես շատ անկեղծ եղայ զրուցակցիս հետ եւ տեղեկացուցի իրեն, որ, ցաւօք, Թուրքիան ոչ միայն հանդէս կու գայ հրահրող հռետորաբանութեամբ, կը խեղաթիւրէ պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը, այլեւ յարձակողական գործողութիւններ կ'իրականացնէ, որոնք կը խախտեն միջազգային իրաւունքը եւ ական կը դնեն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան տակ», ըսած է Միցոթաքիսը:

Անդրադառնալով կիպրական հարցին՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի հետեւողական ու կառուցողական դիրքորոշման համար: «Ինչ կը վերաբերի Վարոշա քաղաքին, ապա ես ընդգծած եմ, որ եթէ Թուրքիան շարունակէ կեանքի կոչել իր յայտարարութիւնները փակ քաղաքի բնակեցման վերաբերեալ, ապա, ցաւօք սրտի, այդպիսով ան կը փակէ  այս հարցով յառաջընթացի բոլոր հեռանկարները», ըսած է Յունաստանի վարչապետը: