image

Թուրքիան կը գնահատէ Փաշինեանի «կառուցողական դերը». Ֆիտան

Թուրքիան կը գնահատէ Փաշինեանի «կառուցողական դերը». Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Թուրքիան կը գնահատէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «կառուցողական դերը». այս մասին ան յայտարարած է յունուար 15-ին տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն տուած մամլոյ ասուլիսին:

Խօսելով տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան միջեւ եռակողմ քաղաքական կամքի մասին՝ Ֆիտանն առանձնացուցած է Հայաստանի մէջ սպասուող ընտրութիւնները։

«Հայաստանին կը սպասեն շարք մը իրադարձութիւններ։ Յունիսի սկիզբը Հայաստանի մէջ կը սպասուին ընտրութիւններ՝ կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ։ Ներկայիս կը տեսնենք, որ հարցումներուն մէջ պարոն Փաշինեանն է առաջատարը, եւ մենք այս հարցով [տարածաշրջանային գործընթացներու] անոր կատարած կառուցողական դերն իսկապէս կ՚աջակցինք։ Անրաժեշտ է, որ այդ [քաղաքական] գիծն ու կամքը շարունակուին», –ըսած է Ֆիտանը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսքերով՝ Անգարան կ՚ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում, եւ ան վերահաստատած է Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Երեւանի հետ՝ պնդելով, որ գործընթացի համար անհրաժեշտ քաղաքական կամքն առկայ է բոլոր երեք կողմերու մօտ։

Ֆիտանը խօսած է նաեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծի մասին՝ նշելով, որ յունուար 14-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հանդիպումէն ետք իր գործընկեր՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ երկժամեայ քննարկում ունեցած է։