image

Թուրքիան հնարաւորը կ՚ընէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պայմանագիր ստորագրեն. Հաքքան Ֆիտան

Թուրքիան հնարաւորը կ՚ընէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պայմանագիր ստորագրեն. Հաքքան Ֆիտան

Թուրքիան կ՚աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման. այս մասին, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ զրոյցին:

Ֆիտան ամերիկացի գործընկերոջ հետ քննարկած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ խաղաղ բանակցութիւնները։

«Մենք ամերիկեան կողմին ըսինք, որ Թուրքիան կ'աջակցի երկու երկիրներու միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրին եւ կ'ընէ հնարաւորը, որ փաստաթուղթը ստորագրուի։ Միացեալ Նահանգներու նոյն դիրքորոշումն ունի։ Մենք համոզուած ենք, որ տարածաշրջանի մէջ կարգաւորումը կը բխի տարածաշրջանի շահերէն»,- ընդգծած է Ֆիտան։