image

Թուրքիա. Թուկչէ Թաթարիի Եւ Հասան Ճէմալի Գիրքերը Արգիլուեցան

Թուրքիա.  Թուկչէ Թաթարիի  Եւ Հասան Ճէմալի  Գիրքերը Արգիլուեցան

Ղազի Այնթապ- («Թուտէյզ Զաման»-Պոլիս)- Վերջերս Ղազի Այնթէպի դատարանը վճռած է, որ  թուրք  յլրագրող Հասան Ճէմալի «Delila: Bir genç kadın gerillanın dağ günlükleri»  (Տէլիլա. երիտասարդ կնոջ  լերան մասին պատմող  օրագիրը)եւ Թուկչէ Թաթարիի  «Anneanne ben aslında Diyarbakır'da değildim» (Մեծ մամա, ես իրականութեան մէջ Տիարպէքիր չէի) գիրքերը հեռացնել Թուրքիոյ ամբողջ գրախանութներու դարակներէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Թուտէյզ Զամանը»: «Զաման» կը  գրէ, թէ գիրքերու հեռացման որոշումը  տրուած է ոստիկանութեան կողմէ 21 (KCK) քրտական համայնքներու միութեան անդամներու ձերբակալութենէն ետք, երբ անոնց մօտ գտնուած են այս երկու գիրքերը, ուր կը խօսուի քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալներու մասին,  որոնք կը գործեն հիւսիսային Իրաքի քէմփերուն մէջ:Դատարանի կայացուցած որոշումը, եղած է օրէնսդրութեան 25-րդ յօդուածի  թիւ 5187 մամլոյ մասին օրէնքի համաձայն, որ թոյլ կու տայ գիրքերու հեռացումը ըստ օրէնքի, անոնց «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութեան ծառայելուն համար»:Միւս կողմէ Թաթարիի փաստաբանը յայտարարած է, որ  գիրքերը գրաւելու որոշումը անօրէն է, եւ ինք վստահ է որ որոշումը արձակուած է առանց ծանօթանալու գիրքերուն  բովանդակութեան, մանաւանդ որ հեղինակները եւ հրատարակչատունը նախապէս տեղեկացուած չեն եղած որոշման մասին: Ան նշած է նաեւ, որ հրապարկուած դատավճիռի դէմ պիտի առարկեն եւ պիտի դատեն պատճառուած վնասներուն համար:Հասան Ճէմալ նոյնպէս իր թվիթըրեան էջին եւ ազատ լրագրողներու հարթակին յղած « Ես գիրքերուս եւ ազատութեան հետ» յօդուածով առարկած է գիրքի հեռացման դէմ, ըսելով, որ այս դէպքը  նոր հարուած մըն է ուղղուած   Թուրքիոյ  մէջ    խօսքի   եւ արտայայտուելու ազատութեան դէմ: