Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնած է դուրս բերելու իր մարտիկները Կազայի հատուածէն՝ իսրայէլեան զօրքերու համաձայնեցուած կէտեր դուրս գալու դիմաց։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Արապիա» հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներու։
Անոնց տուեալներով՝ Գահիրէի մէջ շարժման պատուիրակութիւնը Կազայի մէջ հրադադարի մասին հնարաւոր համաձայնագրի շուրջ իր պահանջները փոխանցած է եգիպտացի միջնորդներուն։
««Համաս»-ը պատրաստակամութիւն յայտնած է դուրս բերելու իր մարտիկները՝ Իսրայէլի համաձայնեցուած կէտեր ետ քաշուելու դիմաց, շեշտելով պատանդներու կեանքը պահպանելու իր յանձնառութիւնը»,-յայտնած են աղբիւրները ալիքին։
Անոնց տուեալներով՝ շարժումը «գրագւոր համաձայնութիւն պահանջած է Իսրայէլի հետ», որուն մէջ պէտք է ներառուին միջազգային երաշխիքներ՝ «Կազան գրաւելու իսրայէլեան ծրագիրներու դադրեցման» եւ այն մասին, որ ռազմական գործողութիւնները պիտի չվերսկսին։