image

«Յարգանքներս «բուռ-բուռ ոսկիները հողին մէջ թաղած, բայց գիրքերը շալկած» մեծ հայրերուս».Հրանդ Տինք

Մեծ հայրս հայերէն կը կարդար եւ անգլերէն կը կարդար: Մեծ հօրս հայրն ալ այդպէս կրթուած էր:

Ու կ'ըսեն, որ երբ իմ պապերը, գլխավերեւը պտտող մոծակներու ուղեկցութեամբ, պատի տակ՝ խաղողի վազի ստուերին տակ, աթոռակին նստած ողջ ամառ գիրքեր կուլ կու տային, ամբողջ Անատոլիոյ մէջ մենք չորս հազարէն աւելի դպրոցներ ունէինք... նորէն մեծերը պատմած  են...

Ու երբ անոնց ըսած են. «Ելէ՛ք, արդէն պիտի հեռանաք այստեղէն»,  թերեւս բուռ-բուռ ոսկիները հողի տակ թաղած են, բայց Աստծոյ տուած գիրքերը բոլորն ալ իրենց կապոցները  դրած են ու շալկած: Ու տարած են իրենց հետ՝ ուր որ կարողացած են հասնիլ: «Տղաս,- կ'ըսէին մեր մեծերը, - մեր պապերը ոսկին թողեցին, բայց գիրքերը առին ու տարին»:

Յարգանքներս «բուռ-բուռ ոսկիները հողին մէջ թաղած, բայց գիրքերը շալկած»  մեծ հայրերուս:

Յարգանքներս ատոնք առանց շալակէն իջեցնելու, մեր օրերը հասցնողներուն: Եւ բարեւներ անոնց, որոնք ասկէ յետոյ պիտի ընեն այդ:

 Հրանդ Տինքի  վկայութիւնը  իր մեծ հօր մասին։

Մեծերը պատմած են. մեծ հայրս շատ կարդացած մարդ եղած է: Ամէն ինչ կլանած է: Երբ կարողացած է ամրան արեւէն պաշտպանուելու տեղ գտնել, մասնաւորապէս՝ բակի պատի տակ ինկած խաղողի վազի ստուերին տակ, նստած է իր փոքրիկ աթոռակին ու թերթած գիրքերը: Օդի խոնաւութենէն իրար փակած էջերը մատը թիւքոտելով մէկ-մէկ թերթելով կարդացած է, շուրջը աղմկող թոռներու աղաղակներէն բարկանալով ալ վրէժը մոծակներէն առած է գիրքով անոնց մէկ-մէկ ճզմելով:

Նվնվացող երեխաներու ձայներուն այլեւս չդիմանալով՝ մեծ մօրս ձայն տուած է. «Այս գետինը ֆռֆռացողները ներս տար», ու այդ ժամանակ պարզ դարձած է, որ կարդացած ինչ որ բանի վրայ շատ բարկացած  է:

Փաթթած ծխախոտի վերջին կտորը կարծես կը փակէր շրթունքներուն. կարդացած ժամանակ քանի-քանի անգամ այրած էր շրթունքները: Բայց ծխախոտը բերանէն անպակաս էր:

Մեծ հայրս հայերէն կը կարդար եւ անգլերէն կը կարդար: Մեծ հօրս հայրն ալ այդպէս կրթուած էր:

Ու կ'ըսեն, որ երբ իմ պապերը, գլխավերեւը պտտող մոծակներու ուղեկցութեամբ, պատի տակ՝ խաղողի վազի ստուերին տակ, աթոռակին նստած ողջ ամառ գիրքեր կուլ կու տային, ամբողջ Անատոլիոյ մէջ մենք չորս հազարէն աւելի դպրոցներ ունէինք... նորէն մեծերը պատմած  են...

Ու երբ անոնց ըսած են. «Ելէ՛ք, արդէն պիտի հեռանաք այստեղէն»,  թերեւս բուռ-բուռ ոսկիները հողի տակ թաղած են, բայց Աստծոյ տուած գիրքերը բոլորն ալ իրենց կապոցները  դրած են ու շալկած: Ու տարած են իրենց հետ՝ ուր որ կարողացած են հասնիլ: «Տղաս,- կ'ըսէին մեր մեծերը, - մեր պապերը ոսկին թողեցին, բայց գիրքերը առին ու տարին»:

Յարգանքներս «բուռ-բուռ ոսկիները հողին մէջ թաղած, բայց գիրքերը շալկած»  մեծ հայրերուս:

Յարգանքներս ատոնք առանց շալակէն իջեցնելու, մեր օրերը հասցնողներուն: Եւ բարեւներ անոնց, որոնք ասկէ յետոյ պիտի ընեն այդ:

 Քաղուած  Թուպա  Չանտարի «Հրանդ»  հատորէն։