image

Պոլիս. Համայնքի երէց սերունդի անդամներէն, նուիրեալ հայորդի ՝ Հայկ Աշոտ Պագըրկիլի կորուստը

Պոլիս. Համայնքի երէց սերունդի անդամներէն, նուիրեալ հայորդի ՝ Հայկ Աշոտ Պագըրկիլի կորուստը

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է օրերս Պոլսոյ Գուզկունճուք շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ երկուշաբթի օր` 11, Օգոստոս 2025-ին ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու ու յիշատակը յարգող բազմութեան մը։

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Միաբանութեան երիտասարդ եւ ժիր անդամներէն՝ Արժ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայաին, որուն սիրելի մեծ հայրիկն էր հանգուցեալը։

 

 

 Օրերս Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Հայկ Աշոտ Պագըրկիլը։

92 Տարեկան Պագըրկիլ ծնած էր Սեբաստիոյ մէջ եւ ինչպէս իր սերնդակիցները «ճաշակած» Հայոց Ցեղաստպանութեան տարիներու ողջ թախիծն ու դառնութիւնը։ 

 Խորքին մէջ Պագըրկիլ մէկ համեստ անդամն է հազարաւոր այն հայորդիներուն, որոնք ոչինչ ունենալով ու մահուան ուրուականէն հազիւ փրկուելով կը հասնէին Պոլիս եւ նոր ընթացք մը կու տային իրենց յաղթական կեանքին։

Յաղթական, որովհետեւ անոնք, ինչպէս հազարաւոր հայորդիներ կը զրկուէին, ոչ միայն ծնողներէ եւ հարազատներէ, այլ կը յայտնուէին չքաւորութեան եւ որբութեան ճիրաններուն մէջ։

 Պագըրկիլ, որ կը սերի բարեպաշտ ընտանիքէ դանդաղ քայլերով հիմնած է իր կեանքը, եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու կամքին, կարողացած է կերտել իր ապագան, կերտել բազմանդամ ընտանիք եւ հասցընել նոր ու պայծառ սերունդներ։

 Արհեստով ոսկերիչ ան արժանի կը դառնայ իր շուրջիններու սիրոյն եւ ուշադրութեան եւ դարձեալ սիրով ու երախտիքով կը պարտադրէ յարգանք եւ ուշադրութիւն։

 Որպէս յաջողած անհատ մը Պոլսոյ համայնքէն ներս հանգուցեալը տարբեր առիթներով հանդէս եկած է զանազան բարերարութիւններով, այդպէսով ալ նեցուկ դառնալով Պոլսոյ հայոց եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն։

 Յետ յառաջացեալ տարիքի անոր կորուստը ընդունուեցաւ խոր տխրութեամբ եւ միեւնոյն ժամանակ մխիթարութեամբ, որ ան կարողացած է ապրիլ ու տեսնել իր ցանած հունտերուն ծաղկումը։

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է օրերս Պոլսոյ Գուզկունճուք շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ երկուշաբթի օր` 11, Օգոստոս 2025-ին ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու ու յիշատակը յարգող բազմութեան մը։

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Միաբանութեան երիտասարդ եւ ժիր անդամներէն՝ Արժ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայաին, որուն սիրելի մեծ հայրիկն էր հանգուցեալը։

 

Աստուած հոգին լուսաւորէ։