image

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարները փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարները փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը հանդիպած է պաշտօնական այցով Անգարա գտնուող Սուրիոյ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց նախարարներու եւ հետախուզութեան տնօրէնի հետ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ մանրամասնելով, որ պաշտօնական այցով Թուրքիա գտնուող սուրիական պատուիրակութեան հետ հանդիպման քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցեր։

Այնուհետեւ Թուրքիոյ նախարար Եաշար Կիւլերը եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհեֆ Ապու Քասրան ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր համատեղ վարժանքներու եւ խորհրդատւութիւններու վերաբերեալ: