Հայաստանի մատենագէտները կը շարունակեն հետազօտական աշխատանքը՝ Թուրքիոյ գրադարաններուն մէջ՝ ուսումնասիրելով այդ կառոյցներէ ներս պահուող հայերէն հատորները եւ այդ ընթացքին յայտնաբերերով հայ մասնագէտներուն անծանօթ գիրքեր՝ կը կատարեն ճշգրտումներ: Ծրագիրը թէ՛ գիտական նշանակութիւն ունի, թէ՛ միտուած է հայ-թրքական մշակութային կապերու ստեղծման, երկու երկիրներու միջեւ հասարակական մակարդակով շփումներուն:
ՍԿՍԵԼՈՎ ԻՍԹԱՆՊՈԻԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԷՆ…
Այս աշխատանքը սկիզբ առած է 2017-2018 թուականներուն, երբ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն երկու մատենագէտներ մասնակցեցան «Հրանդ Տինք» հիմնարկի Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագծին՝ հիւրընկալուելով Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանին մէջ, ուր կը պահուին մեծ թիւով հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքեր, պարբերական հրատարակութիւններ, նօթագրութիւններու տետրակներ։ Այցելութեան արդիւնքները ամփոփելէն ետք հայ մասնագէտները ծաւալուն նախագիծի մը սկսելու գաղափարը յայտնեցին, քանի պարզեցին, թէ այդ գրադարանին մէջ ուսումնասիրութեան ենթակայ հայերէն գիրքերու քանակը չափէն աւելի է։
Արդէն 2020 թուականին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանը եւ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանը «Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամի դրամաշնորհի միջոցով համախմբուեցան այդ գաղափարին շուրջ՝ հետազօտել Իսթանպուլի այդ գրադարանի հայերէն գիրքի հաւաքածոն ամբողջութեամբ եւ արդիւնքները ներկայացնել մատենագիտական ցանկի տեսքով։
Հայաստանի մասնագէտներու հետազօտական խումբը երեք տարուան աշխատանքի արդիւնքին պարզած է, որ Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանին մէջ այսօր կայ 1766 անուն (1933 միաւոր) հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրք: Այդ անուններուն մէջ հայաստանցի մատենագէտները յայտնաբերած են 185 նորայայտ անուն գիրք, այսինքն՝ տպագրութիւններ, որոնց մատենագիտական նկարագրութիւնները ներառուած չեն հայ գիրքի համահաւաք մատենագիտական ցանկերուն մէջ կամ նկարագրուած են աստղանիշով:
Անոնք պարզած են, որ թրքական նշանաւոր այդ գրադարանին մէջ կը պահպանուի 92 անուն հայերէն հնատիպ գիրք։ Հինգ հնատիպ գիրքի նկարագրութիւն ամբողջացուած է նոյն այս հետազօտական աշխատանքի արդիւնքին:
Լոյս տեսած է «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» ծաւալուն հատորը:
Գրադարանին մէջ յայտնաբերուած նորայայտ անուններու (գիրքերու) նկարահանուած պատճէնները ներառուած են զատ շտեմարանի մը մէջ, որ հասանելի է գիրքի մէջ զետեղուած արագ արձագանգման պայմանշաններու (QR code) միջոցով:
Այդ աշխատանքը աւարտելէ ետք Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի հետազօտական խումբի անդամները նախատեսած են շարունակել պրպտումները Թուրքիոյ այլ գրադարաններու մէջ նոյնպէս՝ ակնկալելով առաւել ամբողջական դարձնելու հայ գիրքի եւ տպագրութեան պատմութիւնը: Անժխտելի է, որ հայ գրատպութեան պատմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են Օսմանեան կայսրութենէն ներս գործած հայ տպագրիչները, որոնք հիմնելով տպագրատուներ, տպագրած են աննախադէպ թիւով հայերէն գիրքեր, որոնց մէկ մասը աշխարհի այլ վայրերու մէջ տպագրուած այլ հայերէն գիրքերու հետ կը պահպանուի Թուրքիոյ գրադարաններու, արխիւներու, մասնաւոր հաւաքածոներու եւ այլ կեդրոններու մէջ:
ՅԱՋՈՐԴ ԿԱՆԳԱՌԸ՝ «ՕՐՄԱՆԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ
Այս ծրագրի յաջորդ կանգառը եղաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Օրմանեան» մատենադարանը:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Օրմանեան» մատենադարանի շէնքը կառուցուած է 1963 թուականին՝ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին, Պոլսոյ թաղային խորհուրդներու նուիրատուութեամբ, որպէս դիւանատուն։
Նորակառոյց շէնքը առաջին անգամ կահաւորուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նիւթական աջակցութեամբ եւ հոն տեղադրուած է հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն։
Պատրիարքական Աթոռի մշակութային խորհրդական Գէորգ Բամպուքճեանի ջանքերով հնատիպ գիրքերու առընթեր, այլ գիրքեր եւս դասաւորուած են ու կառոյցը հարստանալով՝ մատենադարանի վերածուած է։
Պատրիարքարանի մէջ, պատրիարաքական պաշտօնասենեակին կից կը գտնուէին երկու անջատ գրադարաններ, որոնք կազմուած էին Մեսրոպ, Գարեգին Ա., Շնորհք Ա. եւ Գարեգին Բ. պատրիարքներու անձնական գիրքերէն։
Պատրիարքարանի պատմական շէնքին նորոգութեան նախօրեակին, Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի տնօրինութեամբ մատենադարանի շէնքը ընդհանուր բարեզարդութեան ենթարկուած եւ Մասիս Պալեանի նուիրած նոր դարակներով կահաւորուած է։ Ապա պատմական շէնքի գրադարաններու պարունակութիւնը փոխադրուելով այստեղ, բոլորը իրար ընդելուզուած եւ կազմած են այսօրուան մատենադարանը։
Պատրիարքարանի մատենադարանը կոչուած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմագրութեան մեծ երախտաւոր եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուամբ, 2004 թուականին։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի օգնական, մատենագէտ Նունէ Շահումեան, այս ծրագրի շրջանակներէն ներս շուրջ երեք շաբթուան ընթացքին Պատրիարքարանի «Օրմանեան» մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւն կատարած ու մանրակրկիտ պրպտած է այնտեղ ի պահ դրուած գրականութիւնը։ Ան Պատրիարքարանի մատենադարանին մէջ 458 միաւոր գիրք ուսումնասիրած է, յայտնաբերած է 182 նորայայտ գիրք։
Նունէ Շահումեանի ջանքերով համեմատուած եւ ճշդուած է 95 գիրք, պատճէնանկարուած՝ 199 էջ։ Պոլիսէն վերադարձէն ետք Ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին մէջ հարցազրոյց մը ունեցանք Նունէ Շահումեանին հետ, որ ներկայացուց այս աշխատանքի կարեւորութիւնն եւ մանրամասնութիւնները:
*
-Ի՞նչ աշխատանք կատարած էք «Օրմանեան» մատենադարանին մէջ եւ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այս ծրագիրը:
Այս աշխատանքը շարունակութիւնն է մեր մասնագէտներու սկիզբ դրած «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» ծրագրին:
Այս անգամ կանգ առինք Պոլսոյ Պատրիարքարանի գրադարանի վրայ, ուր մեծ թիւով հայերէն գիրքեր կան: Նախօրօք ուսումնասիրած էինք իրենց ունեցած գիրքերուն ցանկը, որուն մէջ տեսանք, որ մատենադարանին մէջ մօտ 19 հազար գիրք կայ, որմէ 12 հազարը մինչեւ 1940 թուականը տպուած գիրքեր են, մնացեալը տպուած են 1941 թուականէն մինչեւ մեր օրերը:
Որոշեցինք, որ այս ծրագիրը կազմուած ըլլայ երկու փուլէ. առաջինը՝ կ՚ընդգրկէ մինչեւ 1940 թուականը ներառեալ տպուած գիրքերը, իսկ երկրորդը՝ ատկէ ետք տպուածները: Այդ բոլորին մէջ մեզ կը հետաքրքրեն նորայայտ անունները: Մինչեւ 1940 թուականը դիւրին է նորայայտ անուններ գտնելը, ատկէ յետոյ արդէն խառն վիճակ է… Ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերած ենք մեծ թիւով նորայայտ գիրքեր. ատոնք տպագրութիւններ են, որոնց անունները, մատենագիտական նկարագրութիւնները ցարդ չեն ընդգրկուած հայ գիրքի համահաւաք մատենագիտական ցանկերուն մէջ կամ նկարագրուած են աստղանիշով: Աստղանիշով նկարագրութիւնը կը նշանակէ, որ գիրքը տպագրուած է, բայց նկարագրողները զայն չեն տեսած, միայն լսած են անոր մասին:
Մեր հաշուարկներով՝ երբ ծրագիրը աւարտին հասցուի, մօտաւորապէս 400 նորայայտ գիրք ի յայտ պիտի գայ «Օրմանեան» մատենադարանի հաւաքածոյէն: Ծրագիրը կ՚իրականացնենք չորս հոգիով, մեր ամէն մէկուն մօտ ալ արդէն մեծ թիւով նորայայտ գիրքերու անուններ ի յայտ եկած են:
-Նորայայտ անունները ի՞նչ բնոյթի գիրքեր են:
Զանազան բովանդակութեան՝ կրօնական, աշխարհիկ բնոյթի գիրքեր, դասագիրքեր, արուեստին վերաբերող, նաեւ՝ այնպիսի գիրքեր, որոնք զանազան պատճառներով Հայաստան չէին հասած: Գիրքերուն մէջ նաեւ թարգմանական գրականութիւն կայ, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, թէ համաշխարհային դասական գրականութիւնը ժամանակին ինչպիսի արագ ձեւով թարգմանուած է Պոլսոյ մէջ եւ տարածուած: Այդ մէկը նաեւ այնտեղ ապրած հայութեան ընթերցասիրութեան մասին կը խօսի:
Ուրիշ մասնագէտներ նոյնպէս պիտի մեկնին Պոլիս՝ շարունակելու աշխատանքը, նաեւ նպատակ կայ մինչեւ տարեվերջ լոյս ընծայել հատորը, որ պիտի ըլլայ «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» շարքին երկրորդը: Ինչպէս նաեւ մենք այս աշխատանքի արդիւնքին կը ստեղծենք կայքէջ մը, ուր պիտի ներառուին նորայայտ գիրքերը, որոնք մեր գրականագէտներու, լեզուաբաններու, ընդհանրապէս՝ հայագէտներու համար անյայտ գիրքեր են եւ ուսումնասիրութեան նոր նիւթ պիտի դառնան:
Այս աշխատանքով մենք նաեւ կ՚ամբողջացնենք «Օրմանեան» մատենադարանի հայ գիրքի մատենագիտական ցանկը եւ ձեւով մը մոռացութեան փոշին կ՚առնուի այդ գիրքերու վրայէն:
Ընդհանրապէս եզակի աշխատանք մըն է Թուրքիոյ գրադարաններու մէջ հայ գիրքի ուսումնասիրութիւնը, քանի Թուրքիոյ գրադարաններու մէջ հայ գիրքը երբեք խորքային չէ ուսումնասիրուած, խորհրդային շրջանին՝ յայտնի պատճառներով չէ ուսումնասիրուած, անկախութեան շրջանին՝ դարձեալ յայտնի պատճառներով եւ այդպէս չուսումնասիրուած մնացած է: Հիմա Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան նախագիծի ծիրէն ներս եզակի հնարաւորութիւն է՝ ընելու այդ աշխատանքը:
-Ինչպիսի՞ գրադարան է «Օրմանեան» մատենադարանը, ուր աշխատեցաք շուրջ երեք շաբաթ:
Շատ լաւ գրադարան է՝ թէ՛ պահպանութեան տեսակէտէ, թէ՛ աշխատողներու նուիրածութեան տեսակէտէ։ Անոնք սիրով կը պահեն, կը պահպանեն, կը գնահատեն իրենց ունեցածը: Նաեւ՝ պատրաստակամութիւն ունին՝ համագործակցելու, որպէսզի այս աշխատանքը շարունակութիւն ունենայ: Թերեւս Պոլսոյ մէջ հայկական ամենալաւ գրադարանն է, ես անձամբ մեծ հաճոյքով աշխատանք տարի, միակ դժուարութիւնը հաւաքածոյի մեծ ծաւալն էր, մեծ թիւը գիրքերու, որոնք նկարագրելը, ուսումնասիրելը, անշուշտ, անհնար էր այդքան ժամանակի ընթացքին աւարտել: Ջանացի մանրակրկիտ կատարել աշխատանքը, քանի մէկ անգամ պիտի կատարուի, պէտք է որակով նկարագրել, ուշադիր ըլլալ: Բայց նորէն ալ՝ այդ ընթացքին բաւականին՝ 458 միաւոր ուսումնասիրած եմ:
Պոլիս եղած ընթացքին ժամանակս ամբողջութեամբ անցուցած եմ գրադարանէն ներս, ուստի, շատ առիթ չեղաւ համայնքին ծանօթանալու, սակայն որքան որ կրցայ շփուիլ՝ պարզ դարձաւ, որ ջերմ, պատրաստակամ համայնք մըն է, որ ամէն գինով կը ջանայ պահպանել հայութեան շունչը:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս