image

Թուրքիա. Սուրբ Զատկուան Տօնը ՝ Վագըֆլի միակ հայկական գիւղին մէջ. (Լուսանկար)

Թուրքիա. Սուրբ Զատկուան Տօնը ՝ Վագըֆլի միակ հայկական գիւղին մէջ. (Լուսանկար)

Սուրբ Զատկուան տօնը նշուած է նաեւ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Գագըֆլիի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցեալ փետրուարին Թուրքիան հարուածած մեծ երկրաշարժին գիւղը դիմակայած էր, սակայն աւելի ուշ եղած երկրաշարժերուն հետեւանքով որոշակի վնասներու ենթարկուած։

 

Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Զատկուան Տօնին, ապա Պատրիարքութեան էջով մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հաթայի երկրաշարժի պատճառաւ վնասուած էր Վագըֆլիիի Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցին։ Այս պատճառաւ, Ս. Յարութեան տօնի առթիւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ձեռամբ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ։

Գիւղացիներու մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին սպասարկեցին Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշ, Միսաք Ուր. Դպ. Հերկել եւ Եուսուֆ Դպ. Թապաշ։

Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. խրատական խօսելով ըսաւ որ այս դժուարին օրերուն պէտք է կեդրոնանալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան։ Ան ոյժ պիտի տայ հաւատացեալներուն։ Տէր հայրը խրատեց միշտ վստահիլ Յիսուսին՝ յոյսով եւ համբերութեամբ, եւ մենք պէտք է միշտ ապրինք՝ յիշելով անոր հրաշափառ յարութիւնը, որ յաղթեց Սատանային:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։