image

Թուրքիա. Սուրբ Զատկուան Տօնը ՝ Վագըֆլի միակ հայկական գիւղին մէջ. (Լուսանկար)

Թուրքիա. Սուրբ Զատկուան Տօնը ՝ Վագըֆլի միակ հայկական գիւղին մէջ. (Լուսանկար)

Սուրբ Զատկուան տօնը նշուած է նաեւ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Գագըֆլիի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենքոր անցեալ փետրուարին Թուրքիան հարուածած մեծ երկրաշարժին գիւղը դիմակայած էրսակայն աւելի ուշ եղած երկրաշարժերուն հետեւանքով որոշակի վնասներու ենթարկուած։

 

Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Զատկուան Տօնինապա Պատրիարքութեան էջով մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հաթայի երկրաշարժի պատճառաւ վնասուած էր Վագըֆլիիի ՍԱստուածածին գողտրիկ եկեղեցին։ Այս պատճառաւՍՅարութեան տօնի առթիւ տաղաւարի ՍՊատարագը մատուցուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջձեռամբ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ ԱրժՏԱւետիս ՔհնյԹապաշեանի ձեռամբ։

Գիւղացիներու մասնակցութեամբ մատուցուած ՍՊատարագին սպասարկեցին ԲրկԱռէն ՈւրԴպՔուշՄիսաք ՈւրԴպՀերկել եւ Եուսուֆ ԴպԹապաշ։

ԱրժՏԱւետիս Քհնյխրատական խօսելով ըսաւ որ այս դժուարին օրերուն պէտք է կեդրոնանալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան։ Ան ոյժ պիտի տայ հաւատացեալներուն։ Տէր հայրը խրատեց միշտ վստահիլ Յիսուսին՝ յոյսով եւ համբերութեամբեւ մենք պէտք է միշտ ապրինք՝ յիշելով անոր հրաշափառ յարութիւնըոր յաղթեց Սատանային:

Յաւարտ ՍՊատարագինոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։