image

Թուրքիա- Իսրայէլ նոր սրացո՞ւմ.Թուրքիան սահմանափակած է 54 տեսակ ապրանքներու արտահանումը Իսրայէլ

Թուրքիա- Իսրայէլ նոր սրացո՞ւմ.Թուրքիան սահմանափակած է 54 տեսակ ապրանքներու արտահանումը Իսրայէլ

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որ «Թուրքիան որոշած է սահմանափակել որոշակի ապրանքներու արտահանումն Իսրայէլ՝ սկսած 2024 թուականի ապրիլ 9-էն։ Նշուած է, որ որոշման պահանջներն անմիջապէս պիտի իրականացուին նախարարութեան կողմէ։ Այս մասին յայտնած է TRT-ն:

Առեւտուրի նախարարութեան՝ Իսրայէլ արտահանումը սահմանափակելու որոշումը կը վերաբերի ապրանքներու 54 խումբի՝ կցամասերէն մինչեւ պողպատ, մարմարէն մինչեւ սերամիք եւ տարբեր քիմիական նիւթեր։ Սահմանափակումները պիտի գործեն այնքան ժամանակ, քանի դեռ Իսրայէլը Կազայի հատուածին մէջ անյապաղ զինադադար չէ յայտարարած եւ թոյլ չէ տուած բաւարար եւ անխափան մարդասիրական օգնութեան մուտքը:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն շարք մը նոր միջոցներ յայտարարած էր Իսրայէլի դէմ, քանի որ վերջինս հրաժարած էր Թուրքիայէն Կազայի համար մարդասիրական մատակարարումներ ընդունիլ։