image

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի համագործակցին հինգերորդ սերունդի Kaan կործանիչի ստեղծման նախագիծի շուրջ

Թուրքիա  եւ Ատրպէյճան պիտի համագործակցին հինգերորդ սերունդի Kaan կործանիչի ստեղծման նախագիծի շուրջ

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը համաձայնութեան հասած են համագործակցելու թրքական հինգերորդ սերունդի Kaan կործանիչի ստեղծման նախագիծի շուրջ: Այս պայմանաւորուածութիւնը պաշտօնապէս պիտի ձեւակերպուի երկկողմ համաձայնագրով, որ կը նախատեսուի ստորագրել Իսթանպուլի մէջ կայացող IDEF-2023 պաշտպանական արդիւնաբերութեան միջազգային ցուցահանդէսի շրջածիրէն ներս:

Պաքուի մասնակցութիւնը նախագիծին կը դիտարկուի որպէս ռուսական Миг-29 օդանաւերով յագեցած Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու արդիականացմանն ուղղուած քայլ:

Թրքական լրատուամիջոցներու տուեալով՝ կործանիչի ստեղծման նախագիծին կրնայ մասնակցիլ նաեւ Ուքրանիան։