Թուրքիա-(BBC-Լոնտոն) Անծանօթներ հրկիզած են քրտամէտ HDP կուսակցութեան Անգարայի գլխաւոր կեդրոնատեղին: Այս մասին լուրը տրուած է BBC -ին կողմէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ երկրի տարբեր հատուածներուն եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ HDP կեդրոններու վրայ յարձակումներ գործուած են: Մինչ թուրք ազգայնական ծայրայեղականներ այս գրոհները կը կատարեն վերջին օրերուն տեղի ունեցած բախումներէն եւ PPK-ի կողմէ երկրի արեւելեան հատուածին մէջ թուրք 14 ոստիկաններու սպաննութիւնէն ետք անդին վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու հանդարտութեան կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն: