Օրերս, Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Թալէաթ փաշայի անունով պողոտային վրայ տեղադրուած է անոր նուիրուած յուշակոթող մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ զարգացնել եւ խաղաղութեան գործընթաց սկսիլ, Թուրքիոյ պետական գործիչները կը շարունակեն հերոսացնել թուրք հայատեացներն ու հայասպան գործիչները եւ անմահացնել անոնց յիշատակը։
Վերջերս, Անգարայի քաղաքապետը մասնակցած է քաղաքապետարանի ժողովասրահին մէջ կազմակերպուած ժողովին, որ նուիրուած էր հայ արդարահատոյց մարտիկներու կողմէ սպանուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակին յուշարձան կառուցելու հարցին քննարկման։ Ժողովին մասնակցած են նաեւ սպանուած թուրք դիւանագէտներու ընտանիքներուն անդամները եւ նախկին դեսպանները։
Իր խօսքին մէջ Եաւաշ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Թալէաթ փաշայի անունով պողոտային վրայ տեղադրուած է անոր նուիրուած յուշակոթող մը։