Թուրքիան կը կարծէ, որ Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ լարուածութիւնը հասած է վտանգաւոր աստիճանի, նման կարծիք յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։
«Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը հասած է վտանգաւոր մակարդակի: Թուրքիան պիտի չանտեսէ Ուքրանիոյ հետ սերտ յարաբերութիւնները միայն Ռուսաստանի հետ իր ընդարձակ յարաբերութիւններուն պատճառով», ըսած է թուրք նախարարը եւ յաւելած, որ Անգարան, չնայած Մոսկուայի հետ ունեցած կապերուն, չի կրնար անտեսել Քիեւի հետ ջերմ յարաբերութիւնները այն պարագային, եթէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ պատերազմ սկսի։
«Նման բարդ հաւասարումներ լուծելու ժամանակ մենք կ'ընենք այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է մեր ազգային անվտանգութեան համար. դժուար գործ է, բայց դիւանագիտութիւնը անոր համար է», յաւելած է Չաւուշօղլուն։