image

Սուրիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները. Բոլոր առումներով նոր ժամանակներ

Սուրիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները. Բոլոր առումներով նոր ժամանակներ

Շարըհ հիմա ալ կը հաւատայ, որ առանց Պաշշար Ասատի հարցի վերջնական լուծման, Սուրիան իրական վերածնունդ մը պիտի չապրի

Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւն եւ …  «Ռուսաստանեան կասկածներ»

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնէն ասդին կասկածի մեծ մթնոլորտ մը տարածուեցաւ այդ երկրին մէջ Ռուսաստանի ուժային ներկայութեան ապագային վերաբերեալ։ Այդ կասկածները կ՚ընդգրկէին, ոչ միայն ապահովական ոլորտը, այլ մէկ կողմէ երկրի նոր իշխանութեանց եւ միւս կողմէ Մոսկուայի շահերուն անհամատեղելիութեան մասին։

Գաղտնիք չէ, որ Ռուսաստանի համար Սուրիոյ մէջ «կայուն» ներկայութիւն մը ապահովելու հիմնահարցը իր մէջ կը պարունակէր քաղաքական, բայց ի մասնաւորի տնտեսական շահեր ու երեսակներ։ Ռուսաստանեան կողմը, որ միջազգային հարթակի վրայ յայտնի է իր «կարծր» տեսակէտներով, ու շատ լաւ հաշուառելով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրականութիւնը փոխեց իր չափանիշները եւ կիրառեց բաւականին մեղմ ու սուրիացիներուն համար «տանելի» քաղաքականութիւն մը։ Ու այդ քաղաքականութիւնը դարձաւ «բաց դուռ» մը սուրիացիներուն համար, որուն հետեւանքով ալ հերթաբար դէպի Մոսկուա ճամբորդեցին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ասհատ Շիպանին, որուն այցին յաջորդեց նախագահ Ահմատ Շարըհի տուած այցելութիւնը։

Թէ ինչ շահերով փոխկապակցուած են այս երկու երկիրները, ու այդ առումով ինչ զարգացումներու պէտք է սպասել փորձած եմ ներկայացնել յառաջիկայ տողերուն մէջ։

 

Մոսկուայի որոնածը ՝ «Կայուն ներկայութիւն» մը Սուրիոյ մէջ

Ռուսաստան յամառօրէն կը շարունակէ իր ներկայութիւնը ապահովել մնալ Սուրիոյ մէջ նախագահ Ահմատ Շարըհին տրամադրելով «պայմանաւոր» աջակցութիւն։ Մոսկուա կը կեդրոնանայ յատկապէս հարաւային նահանգներու կայունութեան եւ երկիրը մասնատումի վտանգէն զերծ պահելու խնդրին վրայ՝ ներքաղաքական ու անվտանգային խիստ փխրուն պայմաններու մէջ։

Ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն, Սուրիոյ անցումային կառավարութիւնը շահագրգռուած է ռուսական ռազմական ոստիկանութեան «հսկողութեան» վերականգնմամբ երկրի հարաւային նահանգներուն մէջ, այն պարագային, երբ կը տարածուին խօսակցութիւններ այն մասին, թէ Իսրայէլ կրնայ Սուէյտա նահանգին հետ «մարդասիրական միջանցք»ի մը միջոցով ցամաքային կապ բանալ։

Յիշեցնեմ, որ Յունուար 2024-ին Ասատեան վարչակարգի անկումէն ետք, Մոսկուա երբեք բացայայտ հակադրական դիրք չէ որդեգրած Դամասկոսի նոր իշխանութեան նկատմամբ։ Ընդհակառակը, երկու կողմերն ալ դիւանագիտական շարք մը քայլերով ցոյց տուած են յարաբերութիւնները որոշ մակարդակի վրայ պահպանելու պատրաստակամութիւն։

2025 թուականի Փետրուարին տեղի ունեցած հեռախոսազրոյցը Վլատիմիր Փութինի եւ Ահմատ Շարըհի միջեւ, ոչ միայն դրական գնահատուեցաւ այլ նաեւ դուռ բացաւ արտաքին գործոց նախարարներու երկողմ հանդիպումներուն ու փոխադարձ այցերուն։ Այդ ծիրին մէջ յատկանշական էր Շարըհի կառավարութեան նախարար Ասատ Շիպանիի այցը Մոսկուա։

Ռուս փորձագէտ Նիքոլայ Սուխով կը շեշտէ, որ Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ ռուսական պարեկախմբերու վերադարձը «տրամաբանական» է՝ հաշուի առնելով լարուածութիւնը մեղմելու եւ ճակատը սառեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն ան կը զգուշացնէր, որ Իսրայէլէն դէպի Սուէյտա նախատեսուող մարդասիրական միջանցքը կրնայ վերածուիլ վտանգաւոր նախադէպի մը՝ ստեղծելով մասնատումի եւ տպաւորութիւն։

Սուխովի համաձայն՝ Մոսկուայի դիրքորոշումը յստակ է. հնարաւոր է ընդունիլ միայն կարճաժամկէտ, ամբողջովին մարդասիրական եւ միջազգային վերահսկողութեան տակ գործող միջանցք մը՝ բացառաբար ՄԱԿ-ի կամ «Կարմիր Խաչ»ի միջոցով, եւ միայն այն պարագային, երբ այդ քայլը չի վնասեր Սուրիոյ ինքնիշխանութեան։

Ռուսաստանի առաջնահերթութիւնները յստակ են․ աջակցիլ անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներուն, պաշտպանել ալեւիները, տիւռզիները, քրիստոնեաներն ու քիւրտերը, եւ ամրապնդել անվտանգային կառոյցները։ Միաժամանակ, Մոսկուա իր քաղաքականութիւնը կը կառուցէ չորս առանցքներու շուրջ՝ հարաւի կայունացում, պայմանաւոր տնտեսական աջակցութիւն, անցումային իշխանութեան հովանաւորներու (Թուրքիա, Քաթար, Սէուտական Արաբիա) հետ համակարգում, եւ արդարադատութեան ապահովում։

Ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստան կը փորձէ զօրակցիլ նոր իշխանութեան հասկնալու, թէ արդեօք անոնք կրցած են մեղմել իրենց ծայրայեղ թեւերը։

Այնուամենայնիւ, ռուս փորձագէտ Ալեքսանդր Աքսինիոնոք իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նշէ, որ անցումային գործընթացը մեծաւ մասամբ «ձեւական» եղած է՝ նոր նախագահին շնորհելով գրեթէ լիակատար իշխանութիւն՝ առանց իրական հանրային կամ քաղաքական քննարկման։ Արդիւնքը եղած է ներքին քաղաքական անկայունութիւն, զինուած բախումներ եւ նոր բռնկումներ՝ ծովեզերքէն մինչեւ Դամասկոսի մերձակայ շրջաններ։

Աքսինիոնոք կ՚եզրակացնէ, որ Սուրիոյ նոր իրականութիւնը կը բնութագրուի խորունկ ներքին տագնապով.նախորդ վարչակարգը կորսնցուցած էր բանակին եւ ժողովուրդին վստահութիւնը, ընդդիմութիւնը՝ արտաքին աշխարհէն հովանաւորուած ըլլալու պատճառով, այլեւս վստահելի չէր, իսկ նոր իշխանութիւնը կը բախի իրար խաչաձեւուող եւ բարդ ճգնաժամերու։

Այս պայմաններուն մէջ Սուրիա կը շարունակէ մնալ անորոշ եւ խիստ փխրուն հորիզոնով, իսկ Մոսկուա՝ ստիպուած է իր ազդեցութիւնը պահպանելու եւ հարաւային ճակատը վերահսկելու նպատակով դիմել «պայմանաւոր աջակցութեան» ռազմավարութեան։

Միւս կողմէ սերտելով Սուրիոյ իշխանութեան տեսակէտները երեւելի կը դառնայ, որ Ահմատ Շարըհի մօտիկ շրջանակներուն համաձայն՝ նախագահը կը հաւատայ, որ առանց Ասատի հարցը ամբողջական կերպով լուծելու, Սուրիան չի կրնար իրական վերածնունդ ապրիլ։

Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ այլեւս պիտի չհիմնուի անվերապահ հովանաւորութեան, այլ՝ հաշվարկուած եւ պայմանաւոր ներգրաւուածութեան վրայ։ Մոսկուա կը ձգտի պահպանել իր ռազմավարական ներկայութիւնը՝ միաժամանակ խուսափելով նոր պարտաւորութիւններէ եւ միջազգային ճնշումներէ։ Շարըհի համար այս մօտեցումը կարճաժամկէտ կայունութեան միջոց կրնայ ըլլալ, սակայն առանց ներքին քաղաքական համախմբումի եւ իրական անցումային գործընթացի, «պայմանաւոր աջակցութիւն»ը չի վերածուիր երկարատեւ լուծումի։ Սուրիոյ ապագան կը մնայ կախեալ ոչ միայն արտաքին դերակատարներու հաշուարկներէն, այլ՝ ներքին ամբողջական օրինականութեան մը տիրացումէն ու վստահութեան կերտումէն։ 

 

Շարըհ–Փութին հանդիպումը.Բոլոր առումներով նոր փուլ

 Անցնող 14 Հոկտեմբեր 2025-ին Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհ կը ժամանէր Մոսկուա՝ իր առաջին պաշտօնական այցելութեամբ՝ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ի վեր։ Ռուսական եւ արաբական լրատուական աղբիւրներու համաձայն, հանդիպումին ընթացքին Շարըհ եւ Վլատիմիր Փութին կը քննարկեն շարք մը առանցքային հարցեր, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական ներկայութեան ապագային, մասնաւորաբար Թարթուսի ծովային եւ Հմէմիմի օդային ռազմակայաններուն, ինչպէս նաեւ ռուսական ազդեցութեան «վերաթարմացման» ռազմավարութեան։

Արաբական աղբիւրներ, Գրեմլինէն ստացուած տեղեկութիւններուն յղում ընելով, կը նշէին, որ ռուսական կողմը յատկապէս կը քննարկէր Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմախարիսխներու կացութեան իրաւական, տնտեսական եւ ռազմավարական հիմքերը։ Այդ ծիրին մէջ Մոսկուա կը ձգտէր պահպանել իր ներկայութիւնը Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերուն՝ միաժամանակ փորձելով ցուցադրել, թէ կը յարգէ նոր սուրիական վարչակարգի ինքնիշխանութիւնը եւ քաղաքական վերադասաւորումը։

 Եղած այցէն անմիջապէս ետք կարգ մը աղբիւրներ նաեւ խօսեցան, որ քննարկումի նիւթ դարձած է երկրէն խոյս տուած Պաշշար Ասատի արտայանձնման հարցը։ 

 Նոյն նիւթով քաղաքական վերլուծաբաններ կը յիշեցնէին , որ Մոսկուա երկար տարիներ Ասատին տրամադրած է անվտանգ ապաստան, դիւանագիտական պաշտպանութիւն եւ վճռական ռազմական աջակցութիւն։ Հետեւաբար, Ասատի արտայանձնումը Ռուսիոյ համար կրնայ ընկալուիլ որպէս լուրջ քաղաքական պարտութիւն եւ նախադէպ մը, որ կրնայ ազդել անոր միջազգային վստահելիութեան վրայ։

Միեւնոյն ժամանակ, Շարըհի վարչակարգը կը փորձէ այս նախաձեռնութիւնը օգտագործել՝ իր ներքին ու արտաքին օրինականութիւնը ամրապնդելու եւ Սուրիան վերջնականապէս ազատելու նախկին վարչակարգի քաղաքական եւ բարոյական ստուերէն։ Շարըհի մօտիկ շրջանակներուն համաձայն, նախագահը կը հաւատայ, որ առանց Ասատի հարցին յստակ քաղաքական լուծում մը տալու, Սուրիան դժուար թէ կարենայ իրական վերածնունդի եւ ազգային հաշտեցման փուլ մտնել։

Բազմաթիւ փորձագէտներ այս պահը կը դիտեն որպէս ռուս–սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ նոր, բարդ եւ նուրբ փուլ մը։ Մոսկուա պիտի փորձէ գտնել հաւասարակշռութիւն մը՝ պահպանելով իր ռազմավարական շահերը, առանց բացայայտօրէն ճնշում գործադրելու նոր սուրիական իշխանութեան վրայ։ Իսկ Շարըհ կը ձգտի ներկայանալ որպէս անկախ եւ ինքնավստահ առաջնորդ մը, որ պատրաստ է երկխօսութեան՝ բայց ոչ ենթակայութեան։

 Ի վերջոյ Շարըհ–Փութին հանդիպումը միայն երկկողմանի դիւանագիտական շփում մը չէր, այլ կարեւոր փորձառութիւն մը՝ երկու կողմերուն համար։ Ռուսաստան կը փորձէ վերաիմաստաւորել իր դիրքը Սուրիոյ մէջ փոխուած իրականութեան պայմաններուն տակ, մինչ Սուրիան կը ձգտի դուրս գալ երկար տարիներու պատերազմի եւ բռնապետութեան ժառանգութենէն։ Այս հանդիպման իրական նշանակութիւնը պիտի չափուի ոչ թէ հրապարակուած յայտարարութիւններով, այլ այն նուրբ փոխզիջումներով եւ չերեւցող գիծերով, որոնք պիտի ձեւաւորեն Սուրիա–Ռուսաստան յարաբերութիւններու նոր էջը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...