image

Թորոնթոյի մէջ. Զօրակցութեան մթնոլորտի մը մէջ Արիս Պապիկեան կը շարունակէ ընտրական մրցավազքը

Թորոնթոյի մէջ. Զօրակցութեան մթնոլորտի մը մէջ Արիս Պապիկեան կը շարունակէ ընտրական մրցավազքը

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի հայ պատգամաւոր Արիս Պապիկեան կը շարունակէ ընտրական մրցախազքը։

Ուշագրաւ է անշուշտ, որ տեղի հայութեան զօրակցութեան կողքին Պապիկեան կը շարունակէ ստանալ տեղի  տարբեր փոքրամասնութիւններու նեցուկը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այս առթիւ Թորոնթօհայ համայնքային գործիչ՝ Տիար Ժան Հալլաճեանի զօրակցական խօսքը, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ միաբան հայրերէն՝ Տ.  Տաթեւ  քահանայ հօր Արիս Պապիկեանին տրուած  զօրակցական այցին մասին լրատւութիւնը։ 

Յաջողութիւն Արիս Պապիկեանին։

Արիս Պապիկեանի կողքին՝

յանուն Scarborough Agincourt շրջանի բարգաւաճման ու հանրութեան բարօրութեան։

Վերջին ձեր ճիգը մի խնայէք։

Իւրաքանչիւր քուէ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ապահովելու վերջնական ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ։

Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան զօրակցական այցելութիւն տուաւ Օնթարիոյի երեսփոխանական թեկնածու Արիս Պապիկեանին

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, զօրակցական այցելութիւն տուաւ Սքարպորօ-Այճինքորթի տարածաշրջանի Երեսփոխանական թեկնածու հայազգի նուիրեալ զաւակ՝ Տիար Արիս Պապիկեանի ընտրարշաւի գրասենեակ: Օնթարիոյի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան Փետրուար 27-ին։

Քահանայ Հայրը դիմաւորուեցաւ Տիար Արիս Պապիկեանի եւ գրասենեակի կամաւոր աշխատակազմին կողմէ: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսչութեան, Հոգաբարձութեան եւ հայ համայնքի զաւակներուն, Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերու ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով:

Նահանգային խորհրդարանի անդամ,  Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան անդամ Արիս Պապիկեան, 2022 թուականի նահանգային ընտրութիւններուն վերընտրուած էր Սքարպորօ-Այճինթքորթի ընտրատարածքէն: