image

Թորոնթոյի մէջ. Գաղութային մասնակցութիւն՝ «Գարասուկա» փառատօնին

Թորոնթոյի մէջ. Գաղութային մասնակցութիւն՝ «Գարասուկա» փառատօնին

Օրերս, Թորոնթոյի մէջ հայկական մշակոյթն ու արուեստը բացառիկ ձեւով ներկայացուած է Գանատայի ամենամեծ բազմամշակութային՝ «Գարասուկա» փառատօնին։

1986-ին հիմնուած «Գարասուկա»ին, այս տարի, 14  տարուան ընդմիջումէն ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով հայկական գաղութը բերած է իր մասնակցութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Թորոնթոհայ» կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

25 եւ 26 Մայիս 2024-ին, երկու օրերու տեւողութեամբ, հայկական հարուստ եւ բազմակողմանի մշակոյթն ու արուեստը բացառիկ ձեւով ներկայացուեցաւ Գարասուկա մշակութային փառատօնին ընթացքին։ 1986-ին հիմնուած Գարասուկա-ն կը հանդիսանայ Գանատայի ամենամեծ բազմամշակութային փառատօնը, ուր ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, այլազան մշակոյթներու եւ ժառանգութիւններու ըմբռնումը կը կատարուի, եւ որու շնորհիւ կը ներկայացուի տուեալ երկիրներու մշակութային հարստութիւնը։ «Այս տարի, 14  տարուան ընդմիջումէն ետք,  երկրորդ անգամ ըլլալով հայկական գաղութը իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն փառատօնին։ Յիշենք, թէ անցեալ տարի մեր ներկայացուցած մշակութային գոհարներով հանդիսացած էինք լաւագոյն ներկայացուցիչը եւ գրաւած առաջին պատուական դիրքը», «Թորոնթոհայ»-ին յայտնեց Միսիսսակայի Սուրբ Վարդան առաքելական եկեցեցւոյ ատենապետ Վանիկ Ճէլիլեանը։ 

Երկու հազարէ աւելի այցելու ունեցող փառատօնը կը վայելէր քաղաքական գործիչներու, հոգեւոր խաւի ներկայացուցիչներու եւ հռչակաւոր գործարարներու ներկայութիւնը։ Այցելուները բարձր գնահատեցին հայ գաղութին ներկայացուցած հայկական արտադրութիւնները, երաժշտական գործիքները, ձեռային արուեստն ու ոսկերչութեան գեղեցիկ նմոյշները, հայկական ուտեստները, աւանդական ճաշերը եւ քաղցր անուշեղէնները։ 

Երգչուհի Արմէնիա-Սիարա Սարգիսեանին, Նշան Փափազեանին եւ Հրանդ Քէդէնճեանին երգած ճոխ երգերով, Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբի, Օթթաուայի «Նոր Այգ» եւ Միսիսսակայի Սուրբ Վարդան առաքելական եկեղեցւոյ՝ «Քամի» պարախումբերու պարերով եւ հայկական լարային գործքիներու ցուցադրութեամբ՝ հայկական արուեստով համեմուած փառատօնը մեծ արձագանգ գտաւ եւ օտար հանդիսատեսի բարձր գնահատականին արժանացաւ։ 

Եռագոյնով ու հայկական գործուածքներով զարդարուած հայկական տաղաւարներու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն էին՝ Նուշիկ Թահթաճեան, Անեդա Պետրոսեան ու Քրիստին Էրմարգարեան, իսկ ճաշի յանձնախումբի անդամները՝ Լուսի Համպոյեան եւ Ռիթա Միրզայեան։

Յանձնախումբի բոլոր անդամներու ջանքերով Մեծն Թորոնթոյի (Կէ-Թէ-Ա) եւ Մոնթրէալէն տասնըհինգ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եւ հայկական արտադրանքներ ցուցադրողները հայկական մշակոյթը պատուով ներկայացուցին եւ ճոխացուցին փառատօնը։ (Լուսանկարները տրամադրած է Գարասուկայի պայկական տաղաւարներու կազմակերպիչ յաձնախումբը)։