image

Թորոնթո. Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան բարձր յիշատակութեամբ արժանացաւ Թինտէյլ համալսարանի Աստուածաբանական վկայականին

Թորոնթո. Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան բարձր յիշատակութեամբ արժանացաւ Թինտէյլ համալսարանի Աստուածաբանական վկայականին

Գանատայի մէջ հովուական ծառայութիւն մատուցող Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան (արմատներով՝ Մերձ. Արեւելքէն), օրերս հովուական Աստուածաբանական մագիստրոսի կոչում ստացած է Թինտէյլի համալսարանէն։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAC) պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAC) ուրախութեամբ կը շնորհաւորէ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանին, Թինտէյլի համալսարանէն հովուական Աստուածաբանական մագիստրոսի կոչում ստանալուն առիթով:

Պատուելի Սարգիսեան իր ակադեմական գերազանցութեան, ուշագրաւ յաջողութեան եւ շրջապատի խորին յարգանքին արժանանալուն համար, ընտրուեցաւ աւարտական ​​դասարանի հրաժեշտի խօսքը արտասանելու։

Շրջանաւարտից արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Մայիս, 2025-ին Թորոնթոյի մէջ։ Պատուելի Սարգիսան իր խօսքը ուղղեց 80 շրջանաւարտներու եւ աւելի քան 400

անձնակազմի, ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ: Իր խօսքով ան արտացոլեց իր խոր հաւատքը, արժէքներու հանդէպ կառչուածութիւնը եւ անսասան նուիրուածութիւնը Քրիստոսի եւ Անոր եկեղեցիին:

Ան սկսաւ իր խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ ծառայութեան կոչումին, որ ստացած էր հոգեւոր յայտնութեամբ: Խոր գնահատանքով խօսեցաւ այն ​ հոգեմտաւոր փորձառութեան մասին որ ապրեցաւ Թինտէյլ համալսարանէն ներս:

Պատուելի Սարգիսեան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով եզրափակեց.- «Ուստի, երբ կը պատրաստուինք հեռանալ այս համալսարանէն, եկէք յիշենք, որ մենք ոչ թէ պարզապէս վկայականներ ստացած շրջանաւարտներ ենք, այլ Արքայից Արքային դեսպաններն ենք, բաժնեկցելու եւ տարածելու Անոր աւետարանը, ապաքինման կարիքը ունեցող աշխարհի մը մէջ: Մենք Անոր արքայութեան տարածման միջոցներն ենք՝ խաւարին մէջ լոյս բերելու: Ուր ալ երթանք, եկէք ծառայենք որպէս դեսպաններ՝ կենդանի յոյսին, Սուրբ հոգիով զօրացած, վկայելու Անոր սէրը, փրկութիւնն ու յարութիւնը»:

Նշենք որ Պատուելի Սարգիսեան ներկայիս կը ծառայէ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն ներս որպէս օգնական հովիւ եւ նաեւ AMAC-ի խորհուրդի հաւատարիմ անդամն է:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը հրաւիրէ իր բոլոր անդամներն ու բարեկամները շնորհաւորելու Պատուելին եւ հայցելու Աստուծոյ շարունակական օրհնութիւնն ու առաջնորդութիւնը Պատուելիին ապագայ ծրագիրներուն եւ ծառայութեան:

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը