Թելեկրամեան ալիքներ կը յորդին տեսանիւթերով, որոնք կը վաւերագրեն ատրպէյճանեան զօրքերու դէպի Հայաստանի հետ սահմանին գօտի տեղափոխումը եւ այնտեղ կուտակումը։
Տեսանիւթերը, որոնք նաեւ կը զուգորդուին ատրպէյճանեան բանակը գովերգող ու Ղարաբաղին «Հէ՜յրան Ղարաբաղ» գոչումներով տեսակ մը մարտական մթնոլորտ ձեւաւորելու նպատակ ունին։
Այլ խօսք, որ այս բոլորը կը կատարուին, առանց իսկ մտածելու, որ ցանկացած պատերազմ ինչքան ցաւոտ հետեւանքներ կրնայ ունենալ մասնաւորապէս նախայարձակ կողմին համար...։
Մեզի կը թուի, որ այնքան ատեն, որ հայկական կողմը գերագոյն նպատակ չէ դրած ծանրօրէն պատժել ատրպէյճանական ցանկացած գրոհ, կամ գրոհի փորձ, տակաւին երկար կտրուածքով թշնամին պիտի փորձէ նկրտումներ ունենալ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ։
Միւս կողմը աւելի քան մտահոգիչ կը շարունակէ մնալ, ոչ միայն Միջազգային Հանրութեան մեծ լռութիւնը, այլ նոյնինքն Ատրպէյճանի հասարակութեան անտարբերութիւնը եւ լուռ համաձայնութիւնը այս բոլորին առընթեր։
Պիտի շարունակենք հետեւիլ զարգացումներուն։
«Ա»