image

Զօրեան հիմնարկը կ՚առաջարկէ հայ-թրքական անցակէտը կոչել Հրանդ Տինքի անունով

Զօրեան հիմնարկը կ՚առաջարկէ հայ-թրքական անցակէտը կոչել Հրանդ Տինքի անունով

«Զօրեան» հիմնարկը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած առաջարկին նկատմամբ։

«Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշայի անունով կոչելու առաջարկը անարգանք է արդարութեան, որ կ՚օրինականացնէ անցեալի յանցագործութիւնները, խորացնելով տակաւին բաց վէրքերը։

Թալէաթ փաշայի հրամանով ծրագրուեցաւ եւ իրագործուեցաւ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերու կոտորածը, 2.000-էն աւելի եկեղեցիներու ոչնչացումը, համայնքներու վերացումը եւ միլիոնաւոր հայերու բռնի տեղահանումը իրենց հայրենի հողերէն։ Հաշտութեան եւ համագործակցութեան հնարաւորութեան խորհրդանիշ հանդիսացող սահմանին անուանակոչումը Ցեղասպանութեան հետ նոյնացուող անձին անունով, խոր անարգանք է մարդու արժանապատւութեան, պատմական ճշմարտութեան եւ բարոյական պատասխանատւութեան նկատմամբ»,– նշուած է Զօրեան հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Հիմնարկը կը յորդորէ թուրք առաջնորդներուն եւ հասարակութեան՝ «որդեգրել յոյսի, ճշմարտութեան եւ համընդհանուր մարդասիրութեան վրայ հիմնուած այլընտրանք»։ Յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրուած է  Հրանդ Տինքի անունին վրայ, որ կը մարմնաւորէ ազգերու միջեւ փոխըմբռնման ու խաղաղութեան գաղափարը, առաջարկելով սահմանը անուանակոչել անոր անունով, որ եղած է ճնշուած ժողովուրդներու «խղճի ձայնը»։

Զօրեան հիմնարկը կոչ կ՚ընէ թուրք մտաւորականներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ ակադեմիկոսներին հասկնալու, որ յառաջընթաց կ՚արձանագրուի ոչ թէ պատմութեան մոռացութեամբ, այլ անոր քաջ ճանաչումով։ Հաստատութիւնը կը յիշեցնէ, որ Գերմանիա ճանչցած է Հոլոքոսթը, Գանատա՝ բնիկ ժողովուրդներու դէմ գործած ոճիրները։ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ կողմէ իր պատասխանատւութեան ընդունման անհրաժեշտութեան մասին՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ գործած ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ, որու հետեւանքով աւելի քան 4,5 միլիոն հոգի սպանուած կամ արտաքսուած է։