Հայ-թրքական սահմանի բացման յստակ ժամկէտներն անյայտ են, Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՚ընթանայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին զուգահեռ։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին յայտնած է թրքական դիւանագիտական աղբիւրը։
«Այս թեմայի (Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման - խմբ.) համար յստակ ժամկէտներ չկան։
Ինչպէս նշած է պարոն նախագահը (Թուրքիոյ, Թայէպ Էրտողան - խմբ.), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՚ընթանայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին զուգահեռ։
Մենք կը տեսնենք դրական քայլեր այս ուղղութեամբ, ամբողջ տարածաշրջանը պիտի շահի երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։