Միացեալ Նահանգներու ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփը շուտով Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց պիտի նշանակէ, որ բանակցութիւններ պիտի վարէ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար:Այս մասին յայտնած է Fox News-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
«Դուք պիտի տեսնէք շատ բարձրաստիճան յատուկ բանագնացը, որ կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն, որու յանձնարարուած պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ հասնիլ խաղաղ կարգաւորման»,- նշած է հեռուստաալիքի աղբիւրներէն մէկը:
Ըստ աղբիւրի՝ յատուկ բանագնացը շուտով պիտի նշանակուի։