 
                    Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած է վերացնել «Համաս» շարժումը՝ Կազայի հատուածին մէջ իրավիճակի կարգաւորման խաղաղ համաձայնագրի խախտման պարագային: Truth Social ընկերային ցանցի հրապարակման մէջ Թրամփ սպառնացած է միջոցներ ձեռնարկել, եթէ խմբաւորումը չկատարէ զինաթափման մասին պահանջները:
Սպիտակ տունը չէ պարզաբանած, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդն ալ չէ յստակեցուցած, թէ ինչպէս պիտի կատարէ իր խոստումը:
Թրամփ չէ նշած նաեւ, թէ արդեօք նկատի ունի Իսրայէլը, քանի որ իսրայէլեան զօրքերու նման գործողութիւնները կը խախտեն հրադադարի համաձայնագիրը։ Ան միայն աւելցուցած է, որ ամերիկեան զօրքեր պիտի չուղարկէ տարածաշրջան։