image

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը եւ «Հանրապետութիւն»ը Երեւանի կառավարումը միասին իրականացնելու յուշագիր ստորագրեցին

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը եւ «Հանրապետութիւն»ը Երեւանի կառավարումը միասին իրականացնելու յուշագիր ստորագրեցին

Երեւանի աւագանիի «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» խմբակցութիւնները յուշագիր ստորագրեցին։ Խմբակցութիւնները մայրաքաղաքի կառավարումը պիտի իրականացնեն միասին՝ պատասխանատւութիւնը կիսելով։

««Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» խմբակցութիւնները ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդավարութիւն ու անվտանգութիւնը համարելով գերագոյն արժէքներ եւ նպատակ ունենալով Երեւանը դարձնել եւրոպական մոդելի, մարդկանց համար յարմար եւ հասանելի քաղաք, որոշեցին սկսել համագործակցութիւն՝ ի նպաստ Երեւանի զարգացման եւ երեւանցիների բարօրութեան»,- «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արտակ Զէյնալեանի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարեց քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։

Աւինեանը, սակայն չյստակեցուց՝ Զէյնալեանը պիտի նշանակուի փոխքաղաքապետ, թէ ոչ․ «Միանշանակ այս յուշագիրը նշանակում է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» խմբակցութիւնները Երեւանի կառավարումն իրականացնելու են միասին եւ դա նշանակում է, որ գործադիրում նշանակումները նոյնպէս իրականացուելու են համաձայնեցուած»։