ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է գործադիր հրամանագիր մը, որ կ՚արգիլէ 12 երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ։ Հանրապետական նախագահը այս որոշուման մասին յայտնած է TruthSocial հարթակին վրայ։
Այս որոշումով, 12 երկրի (Աֆղանիստան, Միանմա, Չատ, Քոնկոյի Հանրապետութիւն, Հասարակածային Կուինիա, Էրիթրիա, Հայիթի, Իրան, Լիպիա, Սոմալի, Սուտան եւ Եմէն) քաղաքացիներ ենթակայ են մուտքի ամբողջական արգելքի, եւս եօթ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանուած է մասնակի մուտքի արգելք։
Մասնակի արգելքը կը վերաբերի Պուրունտիի, Քուպայի, Լաոսի, Սիեռա Լէոնէի, Թոկոյի, Թուրքմենստանի եւ Վենեզուելայի քաղաքացիներուն։ Անոնց պիտի չտրամադրուին այցելութեան եւ ուսանողական վիզաներ։ Սակայն, օրինակ, աշխատանքի կամ ամերիկացի հարազատներու հետ վերամիաւորումի վիզաները կը մնան ուժի մէջ։
Բացառութիւններ կը գործեն Միացեալ Նահանգներու օրինական մշտական բնակիչներուն եւ վաւեր վիզա ունեցողներուն համար։ Երկիրներու ցանկը կազմուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարուող վերլուծութեան հիման վրայ, սկսած Յունուար ամսէն։
Թրամփ բացատրած է, թէ նման միջոցառումներու կիրարկման պատճառը եղած է հակասեմական յարձակումը՝ Քոլորատոյի Պօուլտըր քաղաքին մէջ։ Ըստ անոր՝ այնտեղ 45-ամեայ եգիպտոսցի մը, որ անօրինական կերպով բնակած էր ԱՄՆ-ի մէջ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ, «Ազատութիւն Պաղեստինին» պոռալով ինքնշէն պայթուցիկ նետած է ամբոխի վրայ, որու հետեւանքով վիրաւորուած է տասնհինգ անձ՝ ներառեալ Հոլոքոսթ վերապրած տարեց մը, կը հաղորդէ Associated Press-ը։
«21-րդ դարուն մենք տեսած ենք եւ կը շարունակենք տեսնել ահաբեկչական յարձակումներ, որոնք կատարուած են ժամկէտանց վիզա ունեցող օտարներու կողմէ՝ աշխարհի վտանգաւոր շրջաններու բնակիչներ», – ըսած է Թրամփ։ Ան աւելցուցած է, որ նման անձերու թիւը միլիոններով է Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Ան նաեւ ընդգծած է, թէ պիտի չթոյլատրէ, որ «Եւրոպայի մէջ պատահածը պատահի նաեւ Ամերիկայի մէջ»։ Թրամփ զգուշացուցած է, թէ այս արգիլուած երկիրներու ցանկը կրնայ ընդլայնուիլ։