image

«ԹՄՄ»ի Մրցանակը անուանուեցաւ՝ «Երուանդ Ազատեան մրցանակ»

«ԹՄՄ»ի Մրցանակը անուանուեցաւ՝  «Երուանդ  Ազատեան մրցանակ»

Մտաւորական, գրականագէտ, հասարակական գործիչ՝ Երուանդ Ազատեան մեծ ներդրում ունեցած է սփիւռքահայ մամուլի զարգացման մէջ։

Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութիւնը, գրականութեան մրցանակը անուանակոչած է Երուանդ Ազատեանի անունով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» Հայաստանի մարմնի   պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է` 

«Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կենտրոնական վարչութեան որոշման համաձայն՝ «Վահան Թէքէեան-2023» մրցանակաբաշխութեան «Գրականութիւն» անուանակարգի մրցանակը կ՚անուանակոչուի սփիւռքահայ ականաւոր մտաւորական, գրող, հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի անունով»։