image

Թիֆլիսի մէջ. Հայաստանի ժառանգութեան վերաբերող գիրքեր նուիրուած են Վրաստանի եւրոպական դպրոցին

Թիֆլիսի մէջ. Հայաստանի ժառանգութեան վերաբերող գիրքեր նուիրուած են Վրաստանի եւրոպական դպրոցին

Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Թիֆլիսի Եւրոպական միջազգային դպրոցի գրադարանին նուիրած է օտար լեզուներով գիրքեր եւ ուսումնական օժանդակ նիւթեր՝ Հայաստանի պատմութեան, մշակութային եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Մարտ 19-ին, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Թիֆլիսի Եւրոպական միջազգային դպրոցի գրադարանին նուիրած է օտար լեզուներով գիրքեր եւ ուսումնական օժանդակ նիւթեր՝ Հայաստանի պատմութեան, մշակութային եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին։

Դպրոցի գրադարանի ղեկավար Նանա Պացիա երախտագիտութիւն յայտնելով դեսպանութեան խորհրդական Գէորգ Ղարիբջանեանին նուիրատւութեան համար՝ նշած է, թէ տրամադրուած գրականութիւնը մեծապէս պիտի օժանդակէ ուսանողներուն տարբեր բնաբաններով գիտական աշխատանքներ պատրաստելու եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։

Նշենք, թէ Թիֆլիսի Եւրոպական դպրոցը Վրաստանի միջազգային առաջատար ուսումնական հաստատութիւններէն է, ուր կ՚ուսանի 1700 աշակերտ աշխարհի 36 երկիրներէն, ներառեալ՝ Հայաստանէն։