image

Թեքսաս. Ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 24-ի

Թեքսաս. Ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 24-ի

Թեքսասի Քըր շրջանին մէջ ջրհեղեղի զոհերուն թիւը հասած է 24-ի։ Այս մասին կը յայտնէ ABC-ն՝ վկայակոչելով շրջանի շերիֆ Լարի Լ. Լեյթայը։

CNN-ը աւելի վաղ հաղորդած էր 13 զոհի եւ մօտ 20 անհետ կորսուածի մասին։ Հեռուստակայանը կը նշէ, որ անհետ կորսուածներուն ճշգրիտ թիւը տակաւին անյայտ է։

Աւելի վաղ, Ամերիկայի ազգային օդերեւութաբանական ծառայութիւնը X ընկերային ցանցի միջոցաւ տեղեկացուցած էր Փեքսասի Քըր շրջանի քանի մը քաղաքներու մէջ արտակարգ իրավիճակի մասին՝ ջրհեղեղին պատճառով։ CNN-ի հաղորդումներով, շրջանին մէջ 500,000-էն աւելի մարդ կը գտնուի ջրհեղեղի վտանգի տակ։

Թեքսասի նահանգապետ Կրէկ Ապպոթ յայտարարած է, որ նահանգի պատասխանատու մարմինները կ՛օգտագործեն բոլոր առկայ միջոցները, ներառեալ Ազգային պահակազօրը, ջրհեղեղին դէմ պայքարելու նպատակով։