image

Պելժիա. Մեր հայրենակից Մաթո Հախվերտեան՝ կայարանի մէջ արկածի ենթարկուած է

Պելժիա. Մեր հայրենակից Մաթո Հախվերտեան՝ կայարանի մէջ արկածի ենթարկուած է

Պրիւքսէլ ուղեւորութեան ընթացքին  մեր նուիրեալ հայրենակիցներէն՝ Մաթո Հախվերտեան Հոլանտայի մէջ պատահարի մը ենթարկուած է։ Բարեբախտաբար, բժշկական քննութիւններէն ետք անոր առողջական վիճակը լաւ է։

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի հրաժեշտի ընդունելութեան մասնակցելու նպատակով ճամբայ ելած Մաթո Հախվերտեանի ուղեւորութիւնը անակնկալօրէն ընդհատուած է Հաակ քաղաքի երկաթուղային կայարանին մէջ։

Աստիճաններէն սայթաքելով՝ ան ճակատին ծանր կտուածք մը ստացած է եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժով հիւանդանոց փոխադրուած։ Բժշկական քննութիւններէ եւ գլխու  նկարներ  ունենալէ ետք, ճակատին տասը կար դրուած է։

Բարեբախտաբար, բոլոր քննութիւններուն արդիւնքները լաւ եղած են, եւ մեր հայրենակիցը վստահեցնէ, թէ ինքզինք լաւ կը զգայ։

Ան իր հրապարակման մէջ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնած է կնոջ՝ Ինգէին, որ ամբողջ ընթացքին իր կողքին մնացած եւ մեծ հոգատարութեամբ խնամած է զինք։

Դժբախտ պատահարին հետեւանքով, սակայն, անոնք չեն կրցած մասնակցիլ Պրիւքսէլի մէջ կայացած հրաժեշտի ընդունելութեան։