Թայուանի ժողովուրդը ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու հարցով փոխզիջումներու չերթար։ Ինչպէս հաղորդած է Թայուանի կեդրոնական լրատուական գործակալութիւնը, այս մասին երկուշաբթի՝ 10 հոկտեմբերին, ըսած է Չինաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ցայ Ին Վենը։
«Թայուանի ժողովուրդի եւ իշխող ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու հիմնական համաձայնութիւնը այն է, որ ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու վրայ հիմնուած ապրելակերպի պաշտպանութեան հարցերով փոխզիջումներուն տեղ չկայ»,-ըսած է Ցայ Ին Վենը Սինհայական յեղափոխութեան նուիրուած միջոցառման ժամանակ։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ առճակատումը «նեղուցի երկու կողմերու համար բացարձակապէս լուծման տարբերակ չէ»՝ աւելցնելով, որ կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու դրական զարգացումը վերսկսելու հիմք կը հանդիսանան Թայուանի նեղուցի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգանքը կղզիի բնակիչներու՝ ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան ու ազատութեան հասնելու ձգտման նկատմամբ։