image
Հրատապ լուրեր:

Թաիլանտի մէջ փիղը մտած է խանութ, «սնուած» ու հեռացած

Թաիլանտի մէջ փիղը մտած է խանութ,  «սնուած» ու հեռացած

Թաիլանտի մէջ՝ Փաք Չոնկ նահանգին մէջ, փիղը մտած է տեղական խանութ, ուր չոր թխուածքներ կերած է, ապա հեռացած։ Այս մասին յունիս 3-ին յայտնած է Thai PBS-ը։ 

Տեսանիւթին մէջ կ՚երեւայ, թէ ինչպէս կենդանին խանութի դարակէն սնունդ կ՚ուտէ։

Նշուած է, որ Փլայ Պիանք Լեք անունով արու փիղին բազմիցս հանդիպած են քաղաքին մէջ: Ան քանի մը անգամ մտած է սնունդի կէտեր: Աւելին, մթերային խանութը, ուր նկատուած է փիղը, կը գտնուի ազգային այգի կողքը, ուրկյ յաճախ կը փախին վայրի կենդանիները: