Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ երկրագունդը վերածուած է քաոսի բոյնի մը։
Տրամաբանական էր այն խօսոյթը, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն ետք հրապարակ նետուեցաւ։ Ան սահմանում մը փորձեց տալ նոր իրադարձութիւններուն շուրջ, որոնք բնորոշումներ կու տային համաշխարհային նոր խորապատկերին։
Ռուսաստան վստահելով իր ռազմական ուժին խոյացաւ դէպի Ուքրայնա, այդպիսով աշխարհին ազդարարեց, որ փլուզուած է համաշխարհային առկայ կարգը եւ անոր շուտով պիտի փոխարինէ նոր աշխարհակարգ մը։ Ռուսաստանի համար պատերազմները նորութիւն մը չէին, որովհետեւ այդ երկիրը ըլլալով իրերայաջորդ կայսրութիւններու կեդրոնն ու բաբախող սիրտը՝ պարտաւոր էր նոր մարտերու մէջ մտնել։ Ան ուզեց պատերազմիլ ո՛չ միայն պաշտպանելու իր գոյութիւնը, այլեւ գծելու նոր կայսրութեան մը սահմանները։ Մինչ այդ, կարգ մը վերլուծաբաններու համաձայն, Փութինի Ռուսաստանը դէպի տաք ջուրեր դարձեալ իջնելով ու Սուրիոյ խաղին միանալով՝ աշխարհին ծանուցեց, թէ եկած է նոր սկիզբներու ժամանակը։ Այդ վերլուծութիւնները, անշուշտ, պէտք չէ ընկալել բառացի իմաստով, սակայն կայ իրականութիւն մը, որ այսօր աշխարհ կը տառապի։ Ան կը տառապի միաբեւեռ իշխելաոճով մը, որուն տէրն ու տիրականը ԱՄՆ-ն է։
Մերձաւոր Արեւելքի արհաւիրքներուն ալ մասնակից է ԱՄՆ։ Սկսեալ Իրաքի երկարատեւ պատերազմէն, անցնելով Սուրիա եւ Լիբանան, հասնելով մինչեւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւն։ Այս բոլոր իրադարձութիւններուն գծով ԱՄՆ ձախողած միջնորդ մը եղաւ։ Այս ձախողումները աշխարհին առջեւ բացին արիւնով ու կորուստներով լեցուն ժամանակ մը, որուն իբրեւ հակազդեցութիւն իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին այն երկիրները, որոնք ԱՄՆ-էն նուազ կախեալ էին։ Այդ երկիրները երկու խումբի կը բաժնուին։ Առաջին խումբը թէեւ կ՚ըմբռնէ առկայ դրութիւնը, սակայն վճռած է ամէն գնով մխրճուիլ նոր պատերազմներու մէջ. ինչպէս՝ Հնդկաստան, Պրազիլ, բայց մանաւանդ Չինաստան։ Իսկ երկրորդ խումբը հիւսիսային կիսագունդի հսկային՝ Ռուսաստանի կողքին էր, որ նախընտրեց հողային պահանջներով արշաւել դէպի Ուքրայնա։
Միջնորդաւորուած այս պատերազմին մէջ ԱՄՆ նեցուկ կանգնեցաւ Ուքրայնայի ազատագրական պայքարին ու տեղ ապահովեց անոր Եւրոպայի արեւմտամէտ ոստաններէն ներս։ Իբր այդ, ԱՄՆ ծնունդ տուաւ «Հաւաքական Արեւմուտք» ընկալումին ու Ռուսաստանը հռչակեց իրական թիրախ դառնալու արժանի երկիր մը։ Այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցան արիւն, մահ ու աւեր տարածելով Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի մէջ։ Բոլոր պատերազմներուն ընթացքին անտեսուեցաւ Ռուսաստանին նպատակը. ստեղծել նոր աշխարհ մը, որ պիտի կոչուէր բազմաբեւեռ։
Այս բոլորէն անդին, Ռուսաստան ո՛չ միայն տապալեցաւ նոր աշխարհակարգ մը կերտելու իր փորձին մէջ, այլեւ ԱՄՆ-ի դերէն ու յոխորտանքէն դժգոհ երկիրներու ակումբը ընդհանրապէս սկսաւ համրանալ ու իր ուսերուն վերցուց իրադարձութիւններուն հետեւողի ամուլ դեր մը։ Մեծ հեռանկարներով կեանքի հուն մտած աշխարհը, որ թագաժահրի համավարակի աւարտի օրերուն կարծէք ուխտած էր արդիական եւ բարեացակամ ընկալումներով անցնիլ նոր գործընթացներու, այսօր կ՚ապրի վտանգաւոր շրջան մը։
Այս կէտին հարկ է անդրադառնալ Հայաստանի նման փոքր երկիրներուն, որոնք հարուածներու թիրախ դարձան ու այսօր կ՚ապրին գոյութենական վտանգ մը։
Թէ ինչպէ՞ս պիտի շարունակուին սկիզբ առած գործընթացներն ու պատերազմները՝ տակաւին յստակ չէ, սակայն յստակ է, թէ այսօր աշխարհի միակ կայուն ուժը ԱՄՆ-ն է։ Ան իր էութեամբ, ներուժով, քաղաքականութեամբ ու օրակարգ թելադրելու կարողութեամբ կը շարունակէ իր յառաջընթացը ու տակաւին երկար ճանապարհ ունի կտրելիք։
Միւս կողմէ, Արցախի 44-օրեայ պատերազմը դարձաւ աշխարհակարգի փլուզման առաջին լուրջ ազդանշաններէն մին։ Այս մասին ստորեւ կը ներկայացնենք վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեանի տեսակէտները։
«Այսօր մեր խնդիրը գործընթացներու տրամաբանութիւնը հասկնալն է: Իսրայէլի վարչապետին երեք հիմնական պատճառով մեծ պատերազմ պէտք է. բան մը, որ ինք կը փորձէ հրահրել: Այդ հարցով ինք առանձին չէ: Առաջին պատճառը անձնական է, պատերազմի շարունակութիւնը թոյլ կու տայ իրեն մնալ վարչապետ, հետեւաբար, քրէական յօդուածներով չպատժուիլ, թէկուզ իսրայէլեան դատարանին առջեւ: Երկրորդը՝ փոխկապակցուած է ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Իսրայէլ պատերազմով կ՚ուզէ վարկաբեկել դեմոկրատականները ու աջակցիլ Թրամփին։ Իսկ երրորդը՝ գոյաբանական է, ժամանակը Իսրայէլի օգտին չ՚աշխատիր, որքան մեծ պատերազմը ուշ սկսի, այնքան Իսրայէլի գոյութիւն ունենալու առիթները կը նուազին, ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան պատճառաւ, նաեւ Իրանի կողմէ միջուկային զէնքի ստեղծման հաշուոյն, եթէ արդէն չէ ստեղծուած, ինչ որ Իսրայէլի հիմնական յաղթաթուղթը կը զերոյացնէ:
«Կազզէի պատերազմը Իսրայէլի գոյութեան պատերազմն է, արաբական «ծով»ուն մէջ անոնք երկար գոյութեան առիթը չունին: Տարիներ առաջ Քիսինճըր կը կանխատեսէր, որ Իսրայէլ պիտի վերանայ մինչեւ 2020 թուականը: Ինչպէս կը տեսնենք, ժամանակի առումով ան սխալած է, սակայն ռազմավարական առումով շատ բան չէ փոխուած: Իսրայէլ պէտք է իր ամբողջ տարածքը էթնիք զտման ենթարկէ, սակայն դժուար թէ յաջողի: Նաեւ բարոյական-գաղափարական պարտութիւն կը կրէ, որովհետեւ հոլոքոստի գաղափարին վրայ կառուցուած պետութիւնը ինքը հիմա պաղեստինցիները հոլոքոստի կ՚ենթարկէ: Այդ բարոյական-հոգեբանական մեծ հարուած է հրեաներուն: Չմոռնանք, որ Իսրայէլի ներկայ վարչակազմը մասնակցած է Արցախի էթնիք զտումներուն, որ նոյնպէս սեւ բիծ մըն է այսօրուան Իսրայէլի համար»:
Այսօր գոյութիւն չունի միջազգային գերակշիռ ոստիկան մը ու շատ սակաւաթիւ երկիրներ զերծ են հաւանական վտանգներէ։ «Երբ տիրող կայսրութիւնները փուլ կու գան, կը սկսի աշխարհի նոր վերաբաժանում: Նոյնիսկ պատերազմական թատերաբեմերէն հեռու գտնուող երկիրները գաղթողներու արշաւի վտանգի առջեւ կանգնած են, ինչ որ հետզհետէ աւելի ուժգին կ՚ըլլայ: Մեծ պատերազմի մը հետեւանքներէն ոչ ոք կրնայ խուսափիլ: Մերձաւոր Արեւելքը՝ յատկապէս իսլամական աշխարհը, մեծ պատերազմներու վտանգին առջեւ յայտնուած է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա Արցախի պատերազմը այդ գործընթացի առաջին կրակոցներէն մէկն էր: Բնականաբար, հնարաւոր մեծ պատերազմը անգամ մը եւս կրնայ մեզի մօտենալ: Հիմա Հայաստանի համար կարեւոր է ճիշդ քաղաքականութիւն վարել եւ խաղադրոյքները ճիշդ սեղանին դնել», Դանիէլեան եզրափակած է իր յօդուածը։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս