image

Իրան մարտի դաշտին մէջ յաղթեր է ԱՄՆ-ին․ Արաքչի

Իրան մարտի դաշտին մէջ յաղթեր է ԱՄՆ-ին․ Արաքչի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը մարտի դաշտին մէջ յաղթանակ տարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ։ Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութեան (IRIB) եթերով ան ընդգծած է, որ այժմ Թեհրանի համար պատերազմը աւարտելու ամենալաւագոյն ժամանակն է, քանի որ երկիրը ռազմական առաւելութիւն ունի։

Արաքչիի համաձայն՝ Ուաշինկթըն բախած է Իրանի զինուած ուժերու եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցաբերուած տոկուն ու արի դիմադրութեան։ «Պատերազմը աւարտելու լաւագոյն ժամանակը այն է, երբ մենք առաւելութիւն ունինք. մենք իսկապէս յաղթած ենք մարտի դաշտին մէջ»,– նշած է ան։

Ան աւելցուցած է, որ ռազմական յաջողութիւններն ու դիւանագիտութիւնը փոխկապակցուած են, եւ Իրան կ՚ակնկալէ լաւագոյն պայմանները՝ Միացեալ Նահանգներու հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու ընթացքին։

Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյնպէս յայտնած էր, որ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ Իրանի հետ պատերազմի աւարտին շուրջ։

 

Արաքչի նշած է նաեւ, որ սպասուող համաձայնագիրը ունի հակառակորդներ, եւ պնդած է, որ Իսրայէլ պատրուակներ կը փնտռէ զայն տապալելու համար։