Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանի հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 29 Մայիսին, Աթէնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող եւ հեղինակ Սագօ Արեանի «Բաժնուած Կղզին» հատորի, ինչպէս նաեւ նոյն նիւթին հիման վրայ պատրաստուած «Վիրաւոր Կղզի» վաւերագրական տեսաֆիլմի շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Յունաստանի ներկայացուցիչ Տիար Միսակ Յովսէփեանը, նոյն խորհուրդի անդամ Տիար Արսէն Ալոյեանը, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանը, «Հայ Իրաւանց Մարմին»ի ատենապետ Տիար Լեւոն Աղազարեանը, Յունաստանի ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տիար Սեւակ Փանոսեանը, հանրածանօթ մտաւորական Տիար Նազարէթ Պէրպէրեանը եւ տիկինը՝ Տիկին Էւա Պէրպէրեանը, ուսման նպատակով Աթէնք հաստատուած Հ. Վիրապ Աբղ. Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքով։ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեան բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը՝ ընդգծելով, որ Սագօ Արեան իր հրապարակագրական եւ հեղինակային գործունէութեան ընթացքին մշտապէս փորձած է դէպքերուն մօտենալ համահայկական տեսանկիւնէ եւ արժեւորել զանոնք ազգային շահերու եւ արժէքներու լոյսին տակ։
Սրբազան Հօր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակ Սագօ Արեանը, որ ներկաներուն ներկայացուց գիրքի եւ տեսաֆիլմի ստեղծման պատմութիւնը։ Ան նշեց, թէ Կիպրոսի հարցը երկար տարիներէ ի վեր իր հետաքրքրութեան առարկան եղած է, մանաւանդ այն ժամանակաշրջանին, երբ ինք կը բնակէր Նիկոսիա եւ կը դասաւանդէր ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։
Արեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Կիպրոսի տագնապի քաղաքական եւ մարդկային հետեւանքներուն՝ շեշտելով, որ 1974 թուականի թրքական ներխուժումն ու կղզիի մէկ զգալի հատուածի բռնագրաւումը ծանր հարուած հասցուցին նաեւ կիպրահայ համայնքին։ Ան յիշեցուց, որ այդ հայերէն շատեր արդէն մէկ անգամ փրկուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն եւ Կիպրոսի մէջ կառուցած էին իրենց նոր կեանքն ու ապահով օճախը։
Հեղինակը առանձնակի շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր կիպրահայ հայրենակիցներուն, որոնք իրենց յուշերով, վկայութիւններով եւ աջակցութեամբ նպաստած են գիրքի ու ֆիլմի իրականացման։ Յատկապէս ան երախտագիտութեամբ յիշեց կիպրահայ բարերար Տիար Սեպուհ Արմենակեանի նիւթական օժանդակութիւնը, որ կարեւոր դեր ունեցած է աշխատանքին յաջողութեան մէջ։
Սագօ Արեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նաեւ Յունաստանի Հայոց Թեմին եւ մասնաւորաբար Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանին՝ ընդգծելով, որ անոր անմիջական աջակցութիւնն ու քաջալերանքը վճռական եղած են Աթէնքի մէջ շնորհանդէսի կազմակերպման համար։
Իր խօսքի աւարտին Արեան նկատել տուաւ, որ թէեւ 2024-ին լրացաւ Կիպրոսի տագնապի յիսնամեակը, սակայն խնդիրը տակաւին կը շարունակէ մնալ Եւրոպայի քաղաքական քարտէսին վրայ բաց վէրք մը՝ սպասելով արդար եւ մնայուն լուծման։
Ապա ներկաները դիտեցին «Վիրաւոր Կղզի» վաւերագրական տեսաֆիլմը, որուն բեմադրիչն է Վահագն Ղազարեանը, իսկ արտադրութիւնը իրականացուած է «Արձագանգ Սթիւտիա»ի համագործակցութեամբ։ Ցուցադրութենէն ետք ներկաները առիթ ունեցան զրուցելու հեղինակին հետ, իսկ բազմաթիւ հայրենակիցներ ձեռք ձգեցին սրահին մէջ ցուցադրուած հատորները, որոնք Սագօ Արեանը մակագրեց ներկաներուն։
Հանդիսութիւնը վերածուեցաւ ոչ միայն մշակութային ներկայացման, այլեւ յիշողութեան, պատմական գիտակցութեան եւ ազգային պարտաւորութեան շուրջ խորհրդածութեան առիթի՝ վերահաստատելով, որ Կիպրոսի հայութեան պատմութիւնը անբաժանելի մասն է համահայկական յիշողութեան եւ հաւաքական փորձառութեան։




