«Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւնը լուրջ բանակցութիւններ վարած է Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած «Ուժեղ Հայաստան» քաղաքական ուժի հետ, եւ արդէն մօտ եղած են դաշինք կազմելուն, բայց շրջադարձ տեղի ունեցած է։ Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀԱԿ փոխնախագահ, վարչապետի թեկնածու Լեւոն Զուրաբեանը։
«Շրջադարձն այն է, որ մենք տարբեր պատկերացումներ ունէինք յաջողութեան հասնելու ուղիների մասին։ Մենք երկու տարի շարունակ զբաղուած էինք համախմբման գործընթացով, քննարկումներ էինք անում տարբեր քաղաքական ուժերի հետ, որպէսզի ստեղծէինք բեւեռ, որը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գլխաւոր այլընտրանքը կը լինէր։
Եթէ ստեղծուէր «Ուժեղ Հայաստան»ի հետ այդ դաշինքը, ապա Հայաստանում տեղի կ՚ունենար մի կարեւոր էֆեկտ, որը ես կ՚անուանէի յեղափոխական էֆեկտի վերելք, եւ դա կարեւոր ազդակ կը լինէր յատկապէս չկողմնորոշուած մարդկանց համար»,- նշած է Զուրաբեանը։
Անոր խօսքով` «Ուժեղ Հայաստան»ի հաշուարկները, ըստ էութեան, ինչ–որ պահէ այլ ուղղութեամբ գացին, այսինքն` այլ ռազմավարութեան՝ ընտրական արհեստագիտութիւններու կիրառման կողմնակից եղան։ Զուրաբեանը վստահեցուցած է, որ կը յարգեն անոնց որոշումը, յաջողութիւն կը մաղթեն, քանի որ, ի վերջոյ, նոյն գործը կ՚ընեն Փաշինեանի իշխանութենէն ազատելու համար։