image

Տեղի ունեցած է Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ շարմինի տարեկան միացեալ խորհրդաժողովը

Տեղի ունեցած է Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ շարմինի տարեկան միացեալ խորհրդաժողովը

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը 21 Փետրուարին կազմակերպեց Ազգային վարժարաններու կրթական մարմիններու տարեկան միացեալ խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ։

Խորհրդաժողովը համախմբեց խորհուրդներու անդամներ, տնօրէններ եւ մանկապարտէզներու վարիչներ՝ մասնագիտական զարգացման, համագործակցութեան եւ ռազմավարական քննարկումներու նպատակով։

Խորհրդաժողովիn բացումը եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս գնահատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան՝ Ազգային վարժարաններուն մշտական աջակցութեան համար։ Ուրֆալեան ընդգծեց դպրոցական խորհուրդներու կամաւոր անդամներու կենսական դերը եւ ներկայացուց վերջերս արձանագրուած յաջողութիւնները, ներառեալ՝ դպրոցներու ընդլայնումը եւ աշակերտութեան թիւին աճը։ Ան նշեց, թէ աճող պահանջին ընդառաջելը կը թելադրէ սերտ համագործակցութիւն Խնամակալ մարմինին, Ազգային վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանին, տեղական խորհուրդներուն, տնօրէններուն եւ վարիչներուն միջեւ՝ Ազգային վարժարաններու ցանցը ամրապնդելու եւ զարգացնելու համար։

Առաւօտեան աղօթքէն ետք, առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Ազգային վարժարաններու պատմական առաքելութիւնը եւ ակադեմական բարձր մակարդակը։ Ան ընդգծեց, որ այս դպրոցներուն առաքելութիւնը երեք թեւերով հիւսուած է՝ կրթական խստապահանջութիւնը համադրելով քրիստոնէական արժէքներու դաստիարակութեան եւ հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի պահպանման հետ։ Առաջնորդը շեշտեց, թէ դպրոցները կը դաստիարակեն հաւատաւոր քրիստոնեաներ, հպարտ հայեր եւ սկզբունքային անհատներ, որոնք պատրաստ են ծառայելու աշխարհին։ Դիմելով դպրոցական խորհուրդներու անդամներուն՝ ան ընդգծեց, որ անոնք իրենց բազմաբնոյթ փորձառութեամբ եւ մասնագիտական կարողութիւններով կը նպաստեն կառավարման աշխատանքներուն՝ միասին ստեղծելով ձեւափոխող նոր ուժ եւ եռանդ։

Խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալները.

 – Խնամակալ մարմինի կանոնագրութեան ընդհանուր ակնարկ։ Ատենապետ Ուրֆալեան եւ Խնամակալ մարմինի երկար տարիներու փորձառու եւ բանիմաց անդամ իրաւաբան Ազիթա Եագուպեան ներկայացուցին դպրոցական խորհուրդներու պարտականութիւնները, կառավարման պատասխանատուութիւնները, աշխատանքային միացեալ սկզբունքները եւ նիւթական վերահսկողութեան հիմնական իրավիճակները։

 – Առողջապահական եւ կենսաթոշակային միացեալ ծրագիր։ Իշխան Պօղոսեան ներկայացուց միացեալ ապահովագրական եւ կենսաթոշակային համակարգի պայմանները, մասնակցութեան ձեւերը եւ երկարաժամկէտ ապահովութեան կարեւորութիւնը։

 – Տեղական խորհուրդներու հիմնական դերակատարութիւնը, ֆինանսական առումով։ Խնամակալ մարմինի անդամներէն Փաթիլ Ափոշեան ներկայացուց եւ ներկաներուն հետ քննարկեց տարեկան պիւտճէի պատրաստութիւնը, մեծածաւալ ծախսերու վերահսկումը, կարելի եղած չափով այդ ծախսերուն նուազեցման միջոցները եւ հաշուետուութեան կարեւորութիւնը։

 – Խնամակալ մարմինի ռազմավարական ծրագիրի հիմնական ուղղութիւնները։ Խնամակալ մարմինի վաստակաշատ անդամներէն դոկտ. Յասմիկ Պարան ներկայացուց մարմինին կողմէ հաստատուած ծրագրային եւ աշխատանքային ռազմավարական կէտերը եւ մատնանշեց անոնցմէ իրականացուածները, ապա ան թուարկեց առաջնահերթութիւնները: Դոկտ. Պարան յստակ կերպով յայտնեց, թէ իրագործուած բոլոր ծրագիրները եւ Խնամակալ մարմինին առօրեայ գործունէութեան ընթացքը շղթայակապ ուղին է որդեգրուած ռազմավարութեան, որուն բծախնդիր գործադրութեան կազմը նախանձախնդրութեամբ կը հետեւի եւ ամէն ճիգ կը գործադրէ ընդհանուր պատկերը կատարեալ կերպով ամբողջացնելու համար: Ան յատկապէս շեշտը դրաւ հայկական ծրագիրներուն եւ անոնց մեծ ոստումներուն վրայ, որոնք գաղութի եւ անշուշտ մեր վարժարաններու մակարդակով կը ձգտին կրթական դաստիարակչական նորարարական մեթոտներ ի գործ կը դնել՝ սերունդները դաստիարակելու անհրաժեշտ հրամայականը իրագործելու միտումով:

 – «Ճանչնանք զիրար». այս նիստը վարեց Խնամակալ մարմինի անդամներէն կրթական ոլորտի մասնագէտ եւ տարիներու փորձառու տնօրէն Արլին Մուրատեան Զէնեան: Անիկա խաղ-փոխգործակցութեան նիստ մը էր, որ խթանեց շարժուն հաղորդակցութիւն, փորձառութիւններու փոխանակում ներկաներուն միջեւ եւ խմբային համագործակցութիւն։

 – Լաւագոյն փորձառութիւններու ներկայացում. այս նիստը վարեց Խնամակալ մարմինի անդամներէն իրաւաբան Սիլվա Կիրակոսեան: Վարժարաններու տնօրէնները եւ մանկամսուրներու վարիչները եւ կրթական մարմինները բաժնեցին իրենց յաջող ծրագրերուն փորձառութիւնները, նախաձեռնութիւնները եւ գաղութային ներգրաւման օրինակները։ Անոնք նաեւ խիստ փափաք յայտնեցին, որ տարուան ընթացքին անպայման իրարու հետ գրաւոր կերպով բաժնեն իրենց ունեցած աշխատանքային փորձառութիւնները:

Նիստերու աւարտին, դպրոցական խորհուրդներու անդամները հրաւիրուեցան մասնակցելու Խնամակալ մարմինի ենթայանձնախումբերուն, որոնք պիտի կազմուին ռազմավարական ծրագիրին առաջնահերթութիւններուն համաձայն։ Ապա համացանցային յղում մը բաժնուեցաւ բոլոր ներկաներուն, իրենց փորձառութեան հիման վրայ հարցախոյզ մը լրացնելու համար:

Խորհրդաժողովը եզրափակուեցաւ ճաշկերոյթով մը, որ ստեղծեց ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը՝ մասնակցողներուն անձնական եւ մասնագիտական կապերը ամրապնդելու համար։ Միացեալ խորհրդաժողովը խթանեց փոխադարձ վստահութիւն եւ համագործակցութիւն՝ վերահաստատելով Ազգային վարժարաններու առաքելութիւնը՝ ապահովել կրթական բարձր որակ, ամրապնդել քրիստոնէական արժէքները եւ պահպանել հայ մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն համար։

 

(Թղթակցութիւնը՝ Խնամակալ մարմինէն)