image

Ճաշկերոյթներու պատերազմը...

 Ճաշկերոյթներու  պատերազմը...

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ  Գասապեան կը  գրէ 

 

Ահաւասիկ, կ՚եզրափակէ մեր հարեւան Զարուկ, ներկայացուցինք «Ճաշկերոյթի պատերազմ»ի վեց կարեւոր մասերը, որոնք իւրացնելով պիտի կազմակերպես ճաշկերոյթ պարահանդէս, ճիշ՛դ այնպէս՝ ինչպէս կը կատարուէր ընկղմող Թայթենիք նաւուն վրայ, վերի՝ ջուր չհասած մասին վրայ։

1- Նախ կը սկսի «Գրաւուած Օր»ով. փրոփականտայի գումարտակը կը մշակէ ռազմավարական թաքթիքներ՝ «Գրաւուած Օր» զէնքը հարուածող եւ ամենաշատ արձագանգը ունենալու  ճիգով։ 

2- Յաջորդ տեսարանը՝ հակազդեցութիւն. ոչ թէ այլ երկիրէ, ոչ թէ այլ քաղաքէ, այլ, նոյն շէնքէն՝ ա՛յլ «Գրաւուած օր»ի, եւ փրոփականտի գումարտակի։

3- Յաջորդը՝ հովանաւորողներու ազդեցութիւն. ո՞վ է ասո՛ր հովանաւորողը, ո՞վ է մի՛ւսը հովանաւորողին հովանաւորողը. քիչ մը եթէ պեղես՝ նոյն հովանաւորողն է՝ տարբեր հովանաւորողներով հովանաւորող։ 

4- Երրորդ եւ արդէն լուրջ քայլ՝ տոմս ծախել՝ տեղը լեցընել. հոս կը գործածուի երրորդ հանգրուանին համար նախատեսուած գումարտակը՝ տոմսավաճառներու շատախօս, եւ «ազդեցիկ դիպուկահարները», որսորդները, որոնք սրահին եւ սեղաններուն քարտէսները ներկայացնելով, լաւագոյն դիրքը՝ սեղանը կ՚առաջարկեն, եւ ճաշացուցակն ու փարթամ ուտեստներուն գովքը կ՚ընեն։

5- Շատ կարեւոր է այս պատերազմին մէջ երգիչներ ընտրելու ռազմավարութիւնը. կապ չունի թէ ո՛վ ինչ «ժանր» կը սիրէ, բայց ինչքան հին ըլլայ երգիչը այդքան ազդեցիկ կը համարուի՝ սեղան լեցնելու եւ նիւթական ապահովելու առումով. այո, կապ չունի եթէ երգիչին ձայնը կ՚ելլէ թէ չ՚ելլեր, թոշակառու է թէ ոչ, կարեւորը գայ, սրահին մէջ ծախուած տոմսակ ունեցողներուն առջեւ ծախէ իր սիրոյ, հայրենասիրական եւ գաւառական երգացանկը բերնի շարժումներով։

6- Թեքնիք՝ ձայնի լոյսի եւ նկարահանման գումարտակին ալ հոս պէտք է գնահատական տալ, վերջապէս այս գումարտակը ասպարէզ բերած է նոր ռազմաթեքնիքա՝ տրոններով (ԱԹՍ) նկարահանում՝ նոյնիսկ գոց սրահին մէջ։

Ահաւասիկ, կ՚եզրափակէ մեր հարեւան Զարուկ, ներկայացուցինք «Ճաշկերոյթի պատերազմ»ի վեց կարեւոր մասերը, որոնք իւրացնելով պիտի կազմակերպես ճաշկերոյթ պարահանդէս, ճիշ՛դ այնպէս՝ ինչպէս կը կատարուէր ընկղմող Թայթենիք նաւուն վրայ, վերի՝ ջուր չհասած մասին վրայ։