Մեր հայրենակցուհի Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեան կը գրէ՝
- Տիկին Ազա՛տ, ես այս Սուրբ Սարգիսը շատ սիրեցի. այս ի՜նչ ճաշակաւոր Սուրբ է եղեր:
Տիկին Ազատին պատրաստած համեղ պահքի սարման եւ քէօֆթէն համտեսելէ ետք ուրիշ բան չէի կրնար ըսել:
Տիկին Ազատին դէմքին վրայ քաղցր ժպիտ մը գծուեցաւ եւ պատասխանեց.
-Սիլվա՛, եաւրըմ, անուշ ըլլա՛յ. ուրախ եմ, որ սիրեցիր Սուրբ Սարգիսի տօնին պատրաստուող աւանդական ճաշերը։
Քսան տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով ես ու նշանածս՝ Կարօն, հիւրընկալուեցանք Սարգիս եւ Ազատ Պէքմէզեան ամոլին տան մէջ: Ինծի համար լուրջ եւ տագնապեցնող հարց էր որեւէ տեղ ճաշի հիւր ըլլալը քանի, որ ես մսակեր չէի, իսկ մեր հայկական սեղանները միշտ «ճոխ» էին մսեղէն ճաշատեսակներով: Ընդանհրապէս կը փորձէի թաքցնել մսեղէնի հանդէպ «անտարբերութիւնս», բայց ի զուր...հետեւաբար, ամէն ոք ինքզինքին իրաւունք կու տար գլուխիս քարոզ կարդալու...
-Աման, ճանըմ. ի՞նչ ըսել է միս չուտել:
-Է՜հ, միս չես ուտեր, հապա ի՞նչ կ՚ուտես. անօթի՞ կը մնաս:
-Դուն բերնիդ համը չես գիտեր...:
-Յայտնի է, վրադ միս չիկայ…դուն գիտե՞ս թէ առածը ի՞նչ կ՚ըսէ. «Գէրը մինչեւ բարակնայ, նիհարին հոգին դուրս կու գայ»:
Ա՜խ այդ օրերը, երբ ամէն մարդ դատելու, խրատելու, յանդիմանելու յաւակնութիւնը ունէր:
Բարեբախտաբար Սուրբ Սարգիսը եւ Տիկին Ազատը բարի ու խոհեմ էին եւ իմ հասցէիս «անարդար վճիռներ» չէին արձակեր...:
Տիկին Ազատ յաճախ կը հիւրընկալէր մեզի իր տան մէջ եւ կը յարգէր իմ նախասիրութիւններս...: Ան շատերուս մաման էր. Շահան Շահնուրեան որակումով՝ պճեղ մը անուշ սիրտ էր: Կը զանազանուէր իր հոգատար, ժպտերես եւ ջերմ բնաւորութեամբ, իսկ իր եփած ճաշերը արտակարգ համեղ էին: Գիտէք ինչո՞ւ. որովհետեւ ՍԻՐՈՎ կ՚եփէր, առանց դժկամանքի...: Պարապ տեղ չէ ըսուած. «Կերակուր մատուցելը սէր մատուցել է»:
Մինչեւ այսօր անկարելի է, որ ոեւէ անձի պատրաստած պահքի քէօֆթէն համտեսեմ եւ Տիկին Ազատին պատրաստածին հետ չհամեմատեմ: Եզրակացութիւնս միշտ նոյնն է. անոր պատրաստածը ուրիշ էր...:
Իսկ ինչպէ՞ս որակեմ Տիկին Ազատին ոլորած համադամ սարմաները, որոնք բազմատեսակ հատեղէններով կը պատրաստէր եւ վրան կ՚աւելցնէր թթումի ու թահինի համեղ թացանը: Պարապ տեղ չեմ ըսած.« Տիկին Ազա՛տ, ես այս Սուրբ Սարգիսը շատ սիրեցի. այս ի՜նչ ճաշակաւոր Սուրբ է եղեր»:
Այսօր ահա ոսկեայ առիթ մը կրկին ձեզ յիշելու Տիկին Ազատ եւ Պարոն Սարգիս: Ձեր յիշատակը անթառամ է...: