image

«Ճանաչման խնդիր չկայ». ՀՀ Արտաքին Գործոցէն արձագանգ

«Ճանաչման խնդիր չկայ». ՀՀ Արտաքին Գործոցէն արձագանգ

Անտեղեակ աղբիւրներուն կը տեղեկացնենք, որ Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ արդէն իսկ հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն համահունչ: Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան:

«Համապատասխանաբար, «ՄԱԿ-ում ճանաչման» խնդիր օրակարգում բնականաբար չկայ: Մեր կողմից հաղորդակցութեամբ արդէն տեղեկացրել ենք, որ երկու երկրները, զարգացնելով երկկողմ համագործակցութիւն, կը քննարկեն նաեւ բազմակողմ հարթակներում փոխգործակցութեանն առնչուող հարցեր, դա լինի ՇՀԿ (Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւն), թէ ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) կամ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ կառոյց»,- նշած է Բադալեան: