image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ դուրս պիտի չգայ հարաւային Լիբանանէն. իսրայէլական կողմի առաջին պաշտօնական արձագանգն ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան

Իսրայէլ դուրս պիտի չգայ հարաւային Լիբանանէն. իսրայէլական կողմի առաջին պաշտօնական արձագանգն ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յայտարարուած զինադադարի լոյսին տակ, յայտարարած է, որ Իսրայէլ դուրս պիտի չգայ Հարաւային Լիբանանէն։ Այս մասին կը հաղորդէ The Times of Israel-ը։

 

«Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ կը վարենք յստակ քաղաքականութիւն, ըստ որուն Իսրայէլի պաշտպանական ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի անվտանգութեան գօտիներուն մէջ՝ առանց որեւէ ժամանակային սահմանափակման, որ պաշտպանեն սահմաններն ու իսրայէլեան համայնքները՝ ջիհատիստական տարրերէն»,– ըսուած է Քացի յայտարարութեան մէջ։

Ան նշած է, որ անվտանգութեան գօտիները «պիտի մաքրուին տեղւոյն բնակչութենէն, իսկ ահաբեկչական բոլոր ենթակառուցուածքները՝ վերգետնեայ եւ ստորգետնեայ, ներառեալ սահմանամերձ գիւղերու տուները, որոնք ծառայած են որպէս ահաբեկչական յենակէտեր, պիտի քանդուին»։

Քաց աւելցուցած է, որ այդ գօտիներու պահպանումը «պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանական ուժերուն ամէնէն մեծ ձեռքբերումներէն մէկն է», եւ այդ պատճառով Իսրայէլ կը մերժէ Լիբանանէն զօրքերու դուրսբերումը՝ հակառակ գոյութիւն ունեցող ճնշումներուն։

«Վարչապետ Նաթանիահու այս դիրքորոշումները յստակ կերպով ներկայացուցած է Տանըլտ Թրամփին եւ այլ բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնատարներու, իսկ ես ալ երէկ նոյնը փոխանցեցի ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթին»,– յայտնած է Քացը։

«Մենք չենք զիջիր Իսրայէլի անվտանգութեան շահերը եւ մեր քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը, եւ չենք հեռանար անվտանգութեան գօտիներէն»,– շեշտած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը՝ նախազգուշացնելով, որ «եթէ Իրանը, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով, յարձակի Իսրայէլի վրայ, մենք պիտի պատասխանենք մեր ամբողջ ուժով»։