image

Ճամբարակ. Բնակելի շէնքի մէջ պայթում .Զոհերու թիւը հասաւ 3-ի

Ճամբարակ. Բնակելի շէնքի մէջ պայթում .Զոհերու թիւը հասաւ 3-ի

Ճամբարակ քաղաքի բնակարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է կազի պայթում, որու հետեւանքով կայ 3 զոհ, յայտնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը: Ահազանգը ՆԳՆ-ն ստացած է յունիս 11-ի առաւօտեան, ժամը 8:34-ին:

Առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ բռնկած հրդեհի հետեւանքով 9 տուժած տեղափոխուած է հիւանդանոց, անոնք կը ստանան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն, այժմ հետազօտութիւններու փուլի մէջ են:

Ըստ նախնական տուեալներու Տիգրան Մեծ փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է Կազի պայթում՝ փլուզումով: Փլուզուած են 4-րդ, 3-րդ եւ 2-րդ յարկի բնակարանները, մասամբ նաեւ կից մուտքի բնակարաններ։ 

Ճամբարակի ԲԿ-էն ստացուած է տեղեկատւութիւն, որ 10 տուժած տեղափոխուած է բժշկական կեդրոն։